Իտալիոյ ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի նախկին յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի վերջերս յայտնած է, թէ ո՛ր մրցակիցին դէմ դժուարութիւն կ՛ունենար պաշտպանելու:
«Ո՛չ Ռոնալտոն էր, ո՛չ ալ Մեսսին… Զափաթան էր: Իսկական մղձաւանջ էր: Անքուն գիշեր կ՛անցընէի ամէն անգամ, որ իր դէմ պիտի խաղայի», ըսաւ իտալացի ծանօթ պաշտպանը, «Սքայ Սփորթս»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
33 տարեկան Զափաթա տակաւին «Սերի Ա.» կը խաղայ եւ այժմ մաս կը կազմէ Թորինօ ակումբին:
Քոլոմպիացի Տուվան Զափաթա 2013-էն ի վեր Իտալիոյ մէջ կը խաղայ, մաս կազմած է Նափոլիի, Ուտինեզէի, Սամտորիայի եւ Աթալանթայի, որոնց հետ ընդամէնը կատարած է 295 մրցում` նշանակելով 113 կոլ, ան 1,89 մեթր է, արագավազ, լաւ ֆիզիքականով յառաջապահ մը, որ թէ՛ ոտքի ուժգին հարուածներ ունի, թէ՛ ալ գլխու հարուածներով օժտուած մարզիկ մըն է: