Նետերլանտներու նախկին միջնապահ Եոհան Նիսքընզ, որ իր սերունդի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկն էր, 73 տարեկանին մահացաւ Ալճերիոյ մէջ:
Նիսքընզ անակնկալօրէն հիւանդացաւ, երբ կ՛աշխատէր Նետերլանտներու համաշխարհային մարզիչներու սեմինարի մը պահուն, ուր ներկայ էր իբրեւ մարզական դեսպան:
Նիսքընզ մաս կը կազմէր Նետերլանտներու ազգային խումբին, որ 1974-ի եւ 1978-ի մոնտիալներուն աւարտականի հասած էր: Ան 2004-ին ՖԻՖԱ-ի կողմէ ընտրուած էր 125 լաւագոյն ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ: Ան 49 անգամ կրած է Նետերլանտներու ազգային խումբին շապիկը:
Միջնապահ Նիսքընզ, որ ծանօթ էր իբրեւ տինամիք ֆութպոլիստ, պայքարի ոգի ունէր, բարձր թեքնիքի տէր էր, նաեւ ճկուն ու արագ, իր ասպարէզի մեծամասնութիւնը անցուցած է Այաքս Ամսթերտամի հետ, ուր 3 յաջորդական տարիներ (1971-էն 1973) շահած է «Չեմփիընզ լիկ»-ը` Պարսելոնայի հետ իր խմբակից Եոհան Քրոյֆի հետ:
Նշենք, որ Քրոյֆ 68 տարեկանին մահացած էր (2016-ին): Ֆութպոլի ասպարէզը լքելէ ետք, Նիսքընզ օգնական մարզիչ էր Նետերլանտներու ազգային խումբին` 1998-ի մոնտիալին, աւելի ուշ աշխատելով Ֆրանք Ռայքարտի հետ Պարսելոնայի մէջ: Ան մարզած է նաեւ Հարաւային Ափրիկէի Մամելոտի Սանտաունը, որուն հետ կատարեց իր վերջին գործը արհեստավարժ ֆութպոլի հետ` 2012-ին:


