Ըստ «Սքայ Սփորթս»-ի, Պայեր Լեւերքուզընի գերմանացի միջնապահ Ֆլորիան Վիրց ընտրութիւն կատարած է Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի եւ Պայերն Միւնիխի միջեւ: Ըստ «Սքայ»-ի, 2025-ի ամրան Վիրց կը հեռանայ Պայեր Լեւերքուզընէն եւ հաւանական է, որ միանայ Պայերն Միւնիխին, որ արդէն իսկ սկսած է բանակցութիւններու:
21 տարեկան միջնապահը կը ցանկայ նոր էջ մը բանալ Պայերն Միւնիխի հետ եւ աւելի ուշ լքել Գերմանիան այլ ախոյեանութեան մէջ փորձելու համար իր բախտը:
Այս տարեշրջանին 21 տարեկան աշխուժ միջնապահը Լեւերքուզընի հետ 10 մրցումներու ընթացքին 6 կոլ նշանակած է` կատարելով 2 էսիսթ: