Աշխարհի ախոյեան, համաշխարհային դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող ճատրակի նորվեկիացի մեծ վարպետ Մակնուս Քարլսեն վերջերս ըսած է, թէ ո՛ր ֆութպոլիստներուն հետ կ՛ուզէ ճատրակ խաղալ:
«Ես ֆութպոլի սիրահար եմ, ի մասնաւորի Մոհամետ Սալահի: Տակաւին չեմ հանդիպած անոր, բայց շատ կը ցանկամ հանդիպիլ, ինչպէս նաեւ միւս մարզիկներուն, որոնք ճատրակ ալ կը խաղան: Ես նաեւ գիտեմ, որ Մարթին Էտեկտը նոյնիսկ ճատրակ կը խաղայ: Ան նախապէս շատ կը խաղար ճատրակ, քան վերջերս: Թէ ո՞վ է լաւագոյն ֆութպոլիստը, որ ճատրակ ալ կը խաղայ, չեմ գիտեր: Շատ արժանաւոր ֆութպոլիստներ կան: Բայց ես չեմ գիտեր, թէ իրապէս լաւ ճատրակ խաղցողներ կա՞ն ֆութպոլի աշխարհի մէջ, որոնց հանդիպած եմ», ըսաւ Քարլսեն:


