«Փրեմիեր լիկ»-ի այժմու մրցակիցներ Քեւին տը Պրունյէ (Մանչեսթըր Սիթի) եւ Մոհամետ Սալահ (Լիվըրփուլ) կրնան մօտիկ ապագային խմբակիցներ ըլլալ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի մէջ:
Պելճիքացի միջնապահ Տը Պրունյէ եւ եգիպտացի Մոհամետ Սալահ 2025-ի ամրան կ՛աւարտեն իրենց խումբերուն հետ ունեցած պայմանագրութիւնները` դառնալով ազատ կարգավիճակով մարզիկներ:
«Էմ. Էլ. Էս.»-ի ակումբներէն Սան Տիեկօ լուրջ տրամադրութիւն ունի զօրացնելու իր խումբը, մինչ Ասիոյ մէջ` Սէուտական Արաբիոյ ակումբներէն քանի մը հատը իրենց կարգին պատրաստ են մեծ գումարներ վճարելու` ձեռք ձգելու այս զոյգը կամ անոնցմէ ոեւէ մէկը: