Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Եւ Պիլ Վերադարձան, Սանզ Յաղթեց Լէյքըրզի

November 28, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ ինչպէս ամէն չորեքշաբթի եւ շաբաթ,  տեղի ունեցան «Էմիրէյթց Քափ»-ի մրցումները:

Արիզոնայի մէջ, Ֆենիքս Սանզ 127-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` օգտուելով մեծ մասամբ Քեւին Տիւրենթի եւ Պրատլի Պիլի վերադարձէն: Վերջիններս 23-ական կէտ նշանակեցին:

Պիլ վերջին 5 մրցումներէն բացակայած էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, մինչ Տիւրենթ 7 մրցումներէ կը բացակայէր նոյն պատճառով:

Տեւըն Պուքըր 26 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ֆենիքս Սանզի, որ 5 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր:

Լէյքըրզի, աստղերը` Անթոնի Տէյվիս (25 կէտ եւ 15 ռիպաունտ) եւ Լըպրոն Ճէյմս (18 կէտ եւ 10 էսիսթ) լաւ վիճակի մէջ էին, բայց խումբը յաջորդական իր 3-րդ պարտութիւնը կրեց: Պէտք

է ըսել, որ երբ Տիւրենթ ներկայ էր, Սանզ 10 մրցումներէն 9-ն յաղթած էր, բայց իր բացակայութեան Ֆենիքս 7 մրցումներէն միայն մէկուն յաղթած է:

Միլուոքի Պաքս առանց Եաննիս Անթեթոքումփոյի դժուարութեամբ յաղթեց Մայեմի Հիթին` 106-103 արդիւնքով:

Տեմիըն Լիլըրտ 37 կէտ եւ 12 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Ճիմի Պաթլըր 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հիթի: Միլուոքիի 3-րդ յաջորդական յաղթանակն էր «Էմիրէյթց Քափ»-ի գծով:

Հիւսթըն Ռոքեթց պէտք ունեցաւ երկարաձգման` պարտութեան մատնելու համար Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը (117-111): Ֆրետ Վանվլեթ 27 կէտ ու 11 էսիսթ ձեռք ձգեց եւ Հիուսթըն իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Սան Անթոնիօ Սփըրզ 128-115 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզի, այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Վիքթոր Ուեմպանեամա 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սան Անթոնիոյի, մինչ Ճոն Քոլինզ 20 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Եութայի, որ կրեց իր 3-րդ պարտութիւնը` այս մրցաշարքին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շիքակօ Պուլզ 108-127
Մայեմի Հիթ – Միլուոքի Պաքս 103-106
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 111-117
Եութա Ճեզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 115-128
Ֆենիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 127-100

Նախորդը

«Ալիք»-ի Խմբագրական. Պահպանել Ազգային Գաղափարները Եւ Տեսլականը. Օրակարգային Պահանջ` Ճգնաժամը Յաղթահարելու Համար

Յաջորդը

Սփերձեան Կրնա՞յ Միանալ Աթալանթայի

RelatedPosts

Նշմար.  Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը
Մարզական

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

October 2, 2026
Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 2, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.