Մարզական

Ֆորմիւլա 1.  Մաքս Վերշթափըն Աշխարհի Ախոյեան` 4-րդ Տարին Ըլլալով

Ֆորմիւլա 1. Մաքս Վերշթափըն Աշխարհի Ախոյեան` 4-րդ Տարին Ըլլալով

Երէկ առաւօտ, Վեկասի մէջ տեղի ունեցաւ 2024-ի 22-րդ կրան փրին, որուն ընթացքին նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերշթափըն, որ պէտք ունէր իր անմիջական մրցակից Լանտօ Նորիսէն աւելի լաւ դիրքի վրայ աւարտելու մրցումը, այդ իրագործումը կատարեց եւ յաջորդական 4-րդ տարին ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Օր մը առաջ, Մերսետեսի վարորդ ճորճ Ռասըլ շահած էր փոլ-փոզիշընը, մինչ Վերշթափըն գրաւած էր 5-րդ դիրքը` Նորիսէն 1 դիրք...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Սիթի Իր Յաջորդական 5-րդ Պարտութիւնը Կրեց

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Իր Յաջորդական 5-րդ Պարտութիւնը Կրեց

Մանչեսթըր Սիթի ակումբի մրցանիշը` 52 մրցումներ անյաղթ մնալով իր «Էթթիհատ» մարզադաշտին վրայ, խախտուեցաւ, երբ շաբաթ գիշեր 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թոթենհամի դէմ մրցումին: Ասիկա «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով 3-րդ պարտութիւնն էր Սիթիի, Պորնմաութի եւ Պրայթընի դէմ մրցումներէն ետք, որոնց միջեւ Սիթի պարտուած էր Սփորթինկ Լիզպոնէն («Չեմփիընզ լիկ») եւ Թոթենհամէն (բաժակի մրցաշարքին): Սպանացի մարզիչ Կուարտիոլա իր մարզիկներուն կոչ ուղղեց իրենք զիրենք...

Օլիվիէ Ժիրու Իր Շապիկը Նուիրեց Հայկական Բարեսիրական Միութեան Աճուրդի

Օլիվիէ Ժիրու Իր Շապիկը Նուիրեց Հայկական Բարեսիրական Միութեան Աճուրդի

Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ, աշխարհի ախոյեան (2018) եւ այժմու Լոս Անճելըս ակումբի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու իր մարզաշապիկը տրամադրած է Հայկական բարեսիրական միութեան աճուրդի: Ֆրանսահայ «Հայաստան մետիա» կը նշէ, թէ Ժիրու Լոս Անճելըսի իր մարզաշապիկը, որուն հետ խաղցած է Միացեալ Նահանգներու բաժակի աւարտական մրցումին, նուիրած է Հայկական բարեսիրական միութեան: «Յոյս ունիմ, որ լրջօրէն մտահոգ ըլլալով կը մասնակցիք այս աճուրդին` ի...

Թենիս.  Իտալիա Եւ Նետերլանտներ Հասան «Տէյվիս» Բաժակի Աւարտական

Թենիս. Իտալիա Եւ Նետերլանտներ Հասան «Տէյվիս» Բաժակի Աւարտական

Թենիսի «Տէյվիս» բաժակի տղոց մրցաշարքը հասած է իր վերջին հանգրուանին, ուր աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Եանիք Սինըր ըստ երեւոյթին տիտղոս մը եւս պիտի աւելցնէ Իտալիոյ հետ, ուր աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Նետերլանտները: Քառորդ աւարտականին Իտալիա դուրս ձգած էր Արժանթինը (2-1), իսկ կիսաւարտականին Աւստրալիան (2-0): Նետերլանտներ, որուն մաս կը կազմեն թիւ 80 դասուած Պոթիք ֆան տը Զանթցխուլփ եւ թիւ 40...

«Էն. Պի. Էյ.»  Միլուոքի Յաղթեց` Հակառակ  Լամելոյի 50 Կէտերուն

«Էն. Պի. Էյ.» Միլուոքի Յաղթեց` Հակառակ Լամելոյի 50 Կէտերուն

Չարլոթ Հորնեթցի աստղը` Լամելօ Պոլ 50 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց, բայց իր խումբը չկրցաւ յաղթել Միլուոքի Պաքսին, որ իր 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց վերջին 5 մրցումներուն, անյաջող արդիւնքներու շարքէն ետք: Յոյն Եաննիս Անթեթոքումփօ 32 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Միլուոքիի, մինչ Տեմիըն Լիլըրտ աւելցուց 31 կէտ` ի նպաստ Պաքսի: Օր մը առաջ 3 կէտով պարտուելէ ետք...

«Եու. Էֆ. Ա.» Ազգերու Լիկա.  Այսօր` Քառորդ Աւարտականի Վիճակաձգութիւնները

«Եու. Էֆ. Ա.» Ազգերու Լիկա. Այսօր` Քառորդ Աւարտականի Վիճակաձգութիւնները

Այսօր տեղի կ՛ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի քառորդ աւարտականի մրցումներու վիճակաձգութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելի վարի կարգերու փլէյ-օֆի մրցումներու վիճակաձգութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք խմբակներու վերջնական դասաւորումը, ուր առաջին կարգի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կը մասնակցին քառորդ աւարտականի վիճակաձգութեան, 3-րդ դիրքը գրաւող խումբը կը մասնակցի Բ. կարգէն Բ. դիրքը գրաւող խումբին հետ փլէյ-օֆի, մինչ չորրորդ դիրքը գրաւող խումբը կ՛իջնէ...

Ըմբշամարտ.  Սուրէն Աղաճանեան` Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Սուրէն Աղաճանեան` Ախոյեան

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի զինուորականներու ըմբշամարտի ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան երէկ: 60 քկ կշիռի Յունահռոմէական ձեւի մրցումներուն Սուրէն Աղաճանեան շահեցաւ ոսկի մետալ` դառնալով աշխարհի ախոյեան: Աւարտականին 3-3 արդիւնքով հաւասար մնալէ ետք, Սուրէն չնչին առաւելութեամբ շահեցաւ տիտղոսը Հիւսիսային Քորէայի իր մրցակիցին դիմաց: Հայաստանի ներկայացուցիչ Հրաչեայ Պօղոսեան 63 քկ կշիռի մրցումներուն 8-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց քոլոմպիացի իր մրցակիցին վրայ` դառնալով...

Քանտելայի Համար Ճորքայեֆ Լաւագոյն Հայ Ֆութպոլիստն Է

Քանտելայի Համար Ճորքայեֆ Լաւագոյն Հայ Ֆութպոլիստն Է

Ֆրանսայի ազգային խումբի եւ իտալական Ռոմա ակումբի նախկին յետսապահ Վենսան Քանտելա ռուսական «Սփորթ-Թի. Վի.» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է, թէ ո՛վ է լաւագոյն հայ ֆութպոլիստը: «Մխիթարեան շատ խելացի եւ պայքարող մարզիկ է: Ես շատ կը դիտէի անոր խաղերը Ռոմայի օրերուն: Հիմա ան շատ մեծ դեր ունի...

Թաթա Մարթինօ Հրաժարեցաւ

Թաթա Մարթինօ Հրաժարեցաւ

Ինթեր Մայեմիի գլխաւոր մարզիչ Թաթա Մարթինօ անակնկալ ձեւով ներկայացուց իր հրաժարականը խումբին ղեկավարութեան: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, երկու կողմերը համաձայնած են խզել պայմանագիրը Մարթինոյի անձնական պատճառներով: Մարթինոյի պայմանագիրը կ՛աւարտէր 2025-ի աւարտին: Նշենք, որ Մարթինոյի մարզած խումբը` Ինթեր Մայեմի, որ կը պատկանի մեծ մասամբ անգլիացի Տէյվիտ Պեքհամի, ձեռք ձգած էր 74 կէտ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի բնական ախոյեանութեան` գրաւելով առաջին դիրքը, սակայն...

«Էն. Պի. Էյ.» Քեվելիրզ Շարունակեց Իր Ճամբան. Ճորճ Վիրաւորուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Քեվելիրզ Շարունակեց Իր Ճամբան. Ճորճ Վիրաւորուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Քլիվլենտ Քեվելիրզ, օր մը առաջ կրելէ ետք իր առաջին պարտութիւնը (Սելթիքսէն), 15 յաջորդական յաղթանակներէ ետք կրցաւ վերագտնել ինքզինք եւ 128-100 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի իր դաշտին վրայ: Թայ Ճերոմ, որ կը փոխարինէր վիրաւոր Տարիուս Կարքընտը նշանակեց, իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը (29 կէտ): Մրցումին սկիզբէն մինչեւ վերջ Քլիվլենտ առիթ չտուաւ Նիւ Օրլինզին, որմէ...

«Ֆորմիւլա 1»  Այս Շաբաթավերջին` Վեկասի Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1» Այս Շաբաթավերջին` Վեկասի Կրան Փրին

Այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենայ «Ֆորմիւլա 1»-ի այս տարուան 22-րդ կրան փրին: Յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ալ տեղի ունենալիք Քաթարի եւ Ապու Տապիի կրան փրիներով վերջ կը գտնեն այս տարուան մրցումները: Վաղը առաւօտ տեղի կ՛ունենան զտումի մրցումները, ուր կը հաստատուին փոլ փոզիշընէն սկսող վարորդները, իսկ կիրակի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, տեղի կ՛ունենայ կրան փրին: Այս կրան փրին առաջին անգամ տեղի ունեցաւ անցեալ տարի,...

«Սերի Ա.»-ի 2024-ի Լաւագոյն Միջնապահի Թեկնածու Է Հենրիխ Մխիթարեան

«Սերի Ա.»-ի 2024-ի Լաւագոյն Միջնապահի Թեկնածու Է Հենրիխ Մխիթարեան

Վերջերս «Ֆութպոլ Իթալիա» հաղորդած է, թէ 2024-ի լաւագոյն մարզիկներու տիտղոսի թեկնածուներու անունները հրապարակուած են: Տարուան լաւագոյն բերդապահի թեկնածուներն են` Միքելէ Տի Կրեկորիոն (Մոնցա եւ Եուվենթուս), Եան Զոմեր (Ինթէր Միլան) եւ Մայք Մենեան (Ա. Սէ. Միլան): Տարուան լաւագոյն յետսապահներու թեկնածուներն են` Թէօ Հեռնանտես (Ա. Սէ. Միլան), Կլեսոն Պրեմեր (Եուվենթուս), Ռաուլ Պելանովա (Թորինօ եւ Աթալանթա), Ալեսանտրօ Պասթոնի (Ինթեր Միլան), Տենզել Տումֆրիզ (Ինթեր...

Թենիս.  Նատալ Լքեց Թենիսի Ասպարէզը

Թենիս. Նատալ Լքեց Թենիսի Ասպարէզը

Երեքշաբթի գիշեր սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ լքեց թենիսը` Սպանիոյ հետ պարտուելէ ետք «Տէյվիս» բաժակի մրցումին: Նատալ, որ 2004-էն ի վեր իր առաջին պարտութիւնը կը կրէր անհատական մրցումներուն` այս մրցաշարքին, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոթիք Վան տէ Զանտսխուլփէն (Նետերլանտներ): «Հողով ծածկուած դաշտերու թագաւոր» Նատալ արդէն իսկ վերջերս յայտարարած էր, թէ «Տէյվիս» մրցաշարքը պիտի ըլլայ իր վերջինը` յոյսով, որ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու Լիկա.  Գերմանիա Եւ Նետերլանտներ Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին, Եոքերեշ 4 Կոլերով «Խորտակեց»  Ազրպէյճանի Բերդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու Լիկա. Գերմանիա Եւ Նետերլանտներ Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին, Եոքերեշ 4 Կոլերով «Խորտակեց» Ազրպէյճանի Բերդը

Երեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի 6-րդ եւ վերջին փուլը, որուն ընթացքին Գերմանիա եւ Նետերլանտներ հաւասարութիւններ արձանագրեցին յաջորդաբար Հունգարիոյ եւ Պոսնիոյ հետ եւ հասան քառորդ աւարտական: Օրուան մեծագոյն արդիւնքը արձանագրուեցաւ Շուէտ - Ազրպէյճան մրցումին, ուր Շուէտ, հակառակ փենալթի մըն ալ կորսնցնելուն, 6-0 արդիւնքով ջախջախեց Ազրպէյճանը: Սփորթինկ Լիզպոնի շուէտացի յառաջապահը` Վիքթոր Եոքերեշ 4 կոլեր նշանակեց, մինչ Թոթենհամի...

Ափրիկէի Ազգերու Լիկա.  Պրահիմ Տիաս Կը Փայլի Մարոքի Հետ

Ափրիկէի Ազգերու Լիկա. Պրահիմ Տիաս Կը Փայլի Մարոքի Հետ

Մարոքի ազգային խումբը, Ափրիկէի Ազգերու լիկայի մրցումներուն, 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ Լեսոթոյի դէմ: Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Պրահիմ Տիաս հեթ-թրիք իրագործեց` կոլեր նշանակելով 5-րդ, 15-րդ եւ 42-րդ վայրկեաններուն: Պրահիմ Տիաս 8-րդ անգամ ըլլալով կրած է Մարոքի ազգային խումբին շապիկը, նշանակած է 7 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ: Նշենք, որ անակնկալ արդիւնքով մը Ռուանտա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Նիկերիան...

Փերես Կը Մտածէ Վաճառել Մենտին Եւ Կարսիան

Փերես Կը Մտածէ Վաճառել Մենտին Եւ Կարսիան

Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես 2025 ամրան նպատակ ունի վաճառելու ակումբին ձախ կողմի պաշտպաններ Ֆերլան Մենտին եւ Ֆրան Կարսիան: Ըստ «Քատենա Սեր»-ի, Ֆրան Կարսիայի խաղի մակարդակը չի գոհացներ ակումբին ղեկավարութիւնը, մինչ Ֆերլան Մենտի չի համապատասխաներ Չապի Ալոնսոյի ֆութպոլին. վերջինս շատ հաւանաբար փոխարինէ Քարլօ Անչելոթթին: Յետսապահ գիծի ձախ կողմը զօրացնելու համար, Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ ձեռք ձգել Պայերն Միւնիխի քանատացի Ալֆոնսօ Տէյվիսը,...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Արժանթին Յաղթեց, Պրազիլ Հաւասարեցաւ

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Արժանթին Յաղթեց, Պրազիլ Հաւասարեցաւ

Հարաւային Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցաւ 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներու 12-րդ փուլը, ուր աշխարհի ախոյեան Արժանթին կը հիւրընկալէր 9-րդ դիրքը գրաւող Փերուն: Պուենոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Արժանթին կրցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթել` շնորհիւ Լաութարօ Մարթինեսի կոլին. վերջինս օգտուեցաւ Լիոնել Մեսսիի փոխանցումէն: Այս կոլը մեծ իմաստ ունէր երկու մարզիկներուն համար: Արդարեւ, Մեսսիի այս էսիսթը ազգային խումբերու գետնի վրայ իր 58-րդն էր:...

2026 Մոնտիալի Զտում.  Նոր Զելանտա Կը Շարունակէ Մեծ Յաղթանակներ Արձանագրել

2026 Մոնտիալի Զտում. Նոր Զելանտա Կը Շարունակէ Մեծ Յաղթանակներ Արձանագրել

Նոր Զելանտայի ազգային խումբը կը շարունակէ մեծ արդիւնքով պարտութեան մատնել իր մրցակիցները` 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն: Քանի մը օր առաջ 8-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վանուաթուին, Նոր Զելանտա 0-8 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սամոայէն: Նոր Զելանտայէն յատկապէս կը փայլի Նոթինկհամ Ֆորեսթի յառաջապահ Քրիս Վուտ, որ Վանուաթուի դէմ տուպլէ մը կատարած էր, իսկ վերջին մրցումին հեթ-թրիք մը իրագործեց: Նշենք, որ Քրիս Վուտ այս...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սելթիքս Պարտութեան Մատնեց Քլիվլենտը

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Պարտութեան Մատնեց Քլիվլենտը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս երէկ հերոսական պայքարէ մը ետք կրցաւ Քլիվլենտ Քեվելիրզը պարտութեան մատնել 120-117 արդիւնքով: Ասիկա Քլիվլենտի առաջին պարտութիւնն էր այս տարեշրջանին 15 յաջորդական յաղթանակներէ ետք: Խումբը սուր պայքար մղեց եւ 21 կէտի առաւելութիւնը 2-ի նուազեցուց, բայց Սելթիքս 3 կէտնոցներու «փառատօն»-ով միայն կրցաւ զսպել Քեվելիրզի պայքարը: Սելթիքս 22 երեք կէտնոց կողովներ նշանակեց այս մրցումին, որուն ընթացքին Ճէյսըն...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու Լիկա.  Սպանիա – Զուիցերիա` 3-2

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու Լիկա. Սպանիա – Զուիցերիա` 3-2

Սպանիոյ ազգային խումբը, հակառակ անոր որ մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով կը խաղար, 3-2 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Զուիցերիոյ, որ փոխադրուեցաւ Բ. կարգի խումբերուն, գրաւելէ ետք խմբակի 4-րդ դիրքը: Երեմի Փինօ, Պրայան Խիլ եւ Պրայան Սարակոսա նշանակեցին Սպանիոյ կոլերը: Նոյն խմբակէն Դանիա կրցաւ 0-0 արդիւնքով հեռանալ Սերպիոյ դաշտէն եւ Սպանիոյ հետ հասնիլ քառորդ աւարտական, մինչ Սերպիա պիտի խաղայ փլէյ-օֆի մրցում: Փորթուգալ իր...

Page 158 of 1275 1 … 157 158 159 … 1,275

Արխիւներ