Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը Ասիոյ բաժակի ախոյեանութեան զտումի իր մրցումները յաղթանակներով աւարտելէ ետք արդէն իսկ ապահովեց աւարտական մրցաշարքի իր տոմսը:
Զ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան տակաւին երկու մրցումներ ունի կատարելիք Պահրէյնի (21 փետրուար 2025-ին) եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ (24 փետրուար 2025-ին) բայց յաղթած ըլլալով իր 4 մրցումները, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Ուրբաթ օր, յաղթելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն (77-99), Լիբանան, որ Տուպայի մէջ կը կատարէ իր մրցումները, Լիբանանի ապահովական ոչ կայուն վիճակին պատճառով, իր 4-րդ մրցումը կատարեց Սուրիոյ ազգային խումբին դէմ եւ 89-64 արդիւնքով յաղթեց:
Օմարի Սփելմըն 24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` կատարելով 2 պլոք ալ, մինչ Ասիոյ լաւագոյն մարզիկ Ուաէլ Արաքժի 20 կէտ նշանակեց: Սերժիօ Տարուիշ 11 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ալի Հայտար 13 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ստորեւ Զ. խմբակի դասաւորումը.
1.- Լիբանան 8 կէտ (369-282)
2.- Պահրէյն 6 (286-319)
3.- Սուրիա 5 (291-315)
4.- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ 5 (294-324)
Այս ձեւով Լիբանան յաջորդաբար 4-րդ անգամ ըլլալով (11-րդ անգամ) կը հասնի Ասիոյ բաժակի ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքին` յոյսով, որ բարելաւէ վերջին (2022-ին) ախոյեանութեան ընթացքին Ինտոնեզիոյ մէջ ձեռք ձգած փոխախոյեանի տիտղոսը` դառնալով 2025-ի ախոյեան:


