Անգլիոյ Ուեսթ Համ ակումբը դժգոհ է ակումբին արդիւնքներէն, եւ Խուլեն Լոփեթեկի մօտիկ ապագային կրնայ պաշտօնանկ ըլլալ:
Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի, Լոնտոնի ակումբը արդէն իսկ կապի մէջ մտած է քանի մը մարզիչներու հետ:
Ակումբի թեկնածուներու ցանկը կը բաղկանայ 4 մասնագէտներէ: Էտին Թերզիչ, Ռոճեր Շմիտ, Սեպասթիան Հէօնես եւ Քասփըր Եուլման:
Հէօնես այժմ կը մարզէ Գերմանիոյ Շթութկարթը, իսկ միւս երեք մասնագէտները կապուած չեն որեւէ խումբի: Թերզիչ անցեալ տարի կը մարզէր Տորթմունտը եւ հասած էր «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտականին: Ռոճեր Շմիտ մինչեւ 2024-ի ամառ կը մարզէր Պենֆիքան, մինչ Եուլման կը մարզէր Դանիոյ ազգային խումբը: Ուեսթ Համ, «Փրեմիեր Լիկ»-ի 14-րդ դիրքը կը գրաւէ: