Լիոնել Մեսսիի անդրանիկ զաւակը` Թիակօ Մեսսի երէկ իր առաջին պաշտօնական մրցումը ունեցաւ Ինթեր Մայեմիի պատանիներու խումբին հետ (13 տարեկանէն վար):
Մրցաշարքին կը մասնակցին հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկայէն 8 խումբեր: Անիկա տեղի կ՛ունենայ Ռոզարիոյի մէջ:
12 տարեկան Մեսսի թիւ 10 տարազը ընտրած էր, բայց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր խումբին հետ` Նիւելզ Օլտ Պոյզի պատանիներէն:
Լիոնէլ Մեսսի իր կարգին սկսած էր ծննդավայր Ռոզարիօ քաղաքի Նիւելզ Օլտ Պոյզ խումբին հետ, բայց իր զաւկին առաջին մրցումին ներկայ չէր դաշտը:
Թիակոյի մայրը` Անթոնելլա, ինչպէս նաեւ Խորխէ եւ Սելիա Մեսսի` Լիոնելի հայրն ու մայրը, ներկայ էին քաջալերելու Թիակոն:
Մեսսիի զաւակը միակ «ծանօթ» ֆութպոլիստը չէր դաշտին վրայ: Պենիամին Սուարես` Լուիս Սուարեսի զաւակը, իր կարգին Ինթեր Մայեմիի մարզիկ է: Ինչպէս Լիոնելն ու Լուիսը, Թիակօ եւ Պենիամին մտերիմ ընկերներ են եւ նոյն ակումբէն կը խաղան:
Թիակօ Մեսսի արդէն իսկ յոյս յայտնած է օրին մէկը Լամին Եամալի հետ խաղալ Պարսելոնայի մէջ:


