Մանչեսթըր Սիթի դժուար օրեր կ՛անցընէ, մանաւանդ իր դաշտին վրայ պարտուելէ ետք Թոթենհամէն (0-4), «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով:
Այս պարտութիւնը Սիթիի յաջորդական 5-րդ պարտութիւնն էր, բոլոր մրցաշարքերու գծով եւ այդ պատճառով ալ վիրաւորներով հարուստ ակումբը կը մտածէ ձեռք ձգել միջնապահ մը` ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանի ժամանակ:
«Թրենսֆըր Նիուզ լայվ» կայքը կը հաղորդէ, թէ վերջին տարիներու ախոյեան Սիթին յունուարին Քրիսթըլ Փելեսին պիտի առաջարկէ միացնել 20 տարեկան միջնապահ Ատամ Ուորթընը:
«Թրենսֆըրմարքեթ»-ի մասնագէտները 20 տարեկան Ուորթընի փոխանցման գինը կը գնահատեն 30 միլիոն եւրոյով: Միջնապահը Փելեսին միացած էր անցեալ փետրուարին` լքելով Պլեքպըրնը: