Ըստ իտալական լրատուական միջոցներու, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին կրնայ հասնիլ Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ալեսանտրօ Տել Փիերօ:
Կապրիելէ Կրավինա, որ այժմու նախագահն է, ընտրութիւններու պաշտօնական թուական որոշած է 3 փետրուար 2025-ը:
Տել Փիերօ հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթ պաշտօնապէս յայտարարէ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին: Կը նշուի, որ շատ ակումբներ կրնան իր թեկնածութիւնը վաւերացնել: Տել Փիերօ 2015-ին լքած էր ֆութպոլիստի իր ասպարէզը: