Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ սառոյցի վրայ պարի կրան փրիի 5-րդ եւ վերջին հանգրուանը, որուն աւարտին յստակացան գեղասահորդներուն անունները, որոնք պիտի մասնակցին Ռուսիոյ կրան փրիի աւարտականին:
5-րդ հանգրուանին առաջին դիրքը գրաւեց Ալինա Կորպաչովա: Հինգ հանգրուաններու ընդհանուր դասաւորման մէջ Ատելիա Պետրոսեան 36 կէտ հաւաքելով գրաւեց պարագլուխի դիրքը: Ան 5 հանգրուաններէն 2-ին յաղթած էր:
2024-2025 տարեշրջանի Ռուսիոյ կրան փրիի աւարտականը տեղի կ՛ունենայ Կրասնոյարսք քաղաքին մէջ, 13-16 փետրուար 2025-ին:


