Տէյվիտ Պեքհամի Ինթեր Մայեմի ակումբը յայտարարեց, թէ Արժանթինի եւ Պարսելոնայի նախկին մարզիկ Խաւիէ Մասքերանօ նշանակուած է խումբի գլխաւոր մարզիչ:
40 տարեկան Մասքերանօ փոխարինեց այլ արժանթինցի մարզիչ մը` Ժերարտօ Մարթինոն, որ անձնական պատճառով հրաժարած էր վերջերս, երբ Ինթեր Մայեմի դուրս մնաց փլէյ-օֆի մրցումներէն:
Մասքերանօ որեւէ ակումբ չէ մարզած տակաւին: Ան 2022-ին սկսած էր իր մարզիչի ասպարէզը` գլխաւորելով Արժանթինի երիտասարդներու ազգային խումբը 20 տարեկանէն վար եւ 23 տարեկանէն վար (Ողիմպիական) խումբերը:


