Հայաստանի ուսանողական մարզական ֆետերասիոնը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ կը մասնակցի Թորինոյի (Իտալիա) մէջ տեղի ունեցող Համաշխարհային ուսանողական ձմեռնային խաղերուն:
Ըստ «Արմենփրես»-ի, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն 9 մարզիկներ, որոնք հանդէս կու գան սառոյցի վրայ պարի, սնոպորտի, լեռնադահուկարշաւի եւ այլ մարզաձեւերու մէջ:
Պատուիրակութեան ղեկավարը Հայաստանի ուսանողական մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Գաբրիէլեանն է: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ ընդգրկուած մարզիկներուն անձնական մարզիչներն ու Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Սարգսեանը:
Սառոյցի վրայ անհատական մրցումներուն պիտի մասնակցի Փիոթր Չիթիփախովիա, մինչ զոյգերու մրցումներուն պիտի մասնակցին Քրիսթինա Տոպրոսերտովա- Ալեսանտրօ Պորթելլօ Փելլեկրինի զոյգը, իսկ լեռնադահուկային մրցումներուն Հայաստանը կը ներկայացնեն Յարութիւն Յարութիւնեան եւ Ժիրայր Առաքելեան, սնոպորտի մրցումներուն` Նորիկ Թադեւոսեան եւ Դաւիթ Յովհաննէսեան, դահոյկի վազքի մրցումներուն` Սպարտակ Ոսկանեան, իսկ պարով դահոյկի վազքի մրցումին` Գարիկ Մելքոնեան:
Համաշխարհային ուսանողական ձմեռնային խաղերուն, այս տարի շուրջ 55 երկրի 3000 պատուիրակներ մասնակցած են բացման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ 13 յունուարին Թորինոյի Ինալպի մարզադաշտին վրայ: Հայաստանի դրօշակակիրները եղած են Նորիկ Թադեւոսեան եւ Գարիկ Մելքոնեան:
Հայաստանի ուսանողական մարզական ֆետերասիոնը, հանդիսանալով համալսարանական մարզական միջազգային ֆետերասիոնի լիիրաւ անդամ, 1995-էն ի վեր կը մասնակցի Համաշխարհային ուսանողական ձմեռնային եւ ամառնային խաղերուն, որոնք նախապէս կը կոչուէին «Ունիվերսիատա»: