Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ 2025-ի առաջին «Քլասիքօ»-ն` Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ: Առաջին ճակատումը պիտի ըլլայ Սպանիոյ գերբաժակի աւարտականի գծով, Ժետտայի մէջ, Սէուտական Արաբիա, ուր Ռէալ Մատրիտ պիտի մրցի Պարսելոնայի դէմ:
2024-ին խումբերը 4 անգամ մրցեցան իրար դէմ, ուր Ռէալ Մատրիտ երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք (4-1 եւ 3-2) երկու պարտութիւն կրեց յաջորդ երկու մրցումներուն (2-1 եւ 4-0 արդիւնքով): Խումբերու վերջին ճակատումը տեղի ունեցաւ անցեալ հոկտեմբերին, երբ Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց այս տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ին: «Վերջերս «Քլասիքօ»-ն միշտ անկանխատեսելի եղած է, կային հանդիպումներ, որոնց ընթացքին մենք դիւրութեամբ յաղթեցինք, բայց եղան նաեւ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին ջախջախիչ ձեւով յաղթեցին մեզի: Դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ըլլալ աւարտականը, բայց հետաքրքրական պէտք է ըլլայ, քանի դաշտին վրայ շատ տաղանդներ պիտի ըլլան: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կը դասաւորուի ամէն ինչ: Մենք պիտի փորձենք գերազանցել Պարսելոնան», ըսաւ Ռէալի իտալացի մասնագէտ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի:
Ռէալէն պիտի բացակային Քարվախալ եւ Միլիթաօ, մինչ Մոտրիչի (հիւանդ) եւ Չուամենիի (վիրաւոր) մասնակցութիւնը կասկածելի է: Պարսելոնայէն պիտի բացակայի գերմանացի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկըն:
Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակին գծով մրցումներ: Ամէնէն զօրաւոր ճակատումը պիտի ըլլայ Լոնտոնի մէջ, ուր Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Վերջին ճակատումներուն Արսենալ կը յաղթեր Եունայթըտին եւ վերջին անգամ 2022-ի սեպտեմբերին է, որ Եունայթըտ կրցած է յաղթել Արսենալին:
Գերմանիոյ մէջ կը շարունակուին «Պունտըսլիկա»-ի մրցումները, որոնք թեւակոխած են 16-րդ հանգրուանը:
Պայերն Միւնիխ, որ 4 կէտի առաւելութեամբ կը գրաւէ առաջին դիրքը, պիտի մեկնի Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դաշտը` մրցելու համար տեղւոյն խումբին դէմ, որ 3 մրցումներէ ի վեր չէ պարտուած եւ յոյս ունի եւրոպական մրցաշարքի յարմար դիրք գրաւելու: Այժմ 8-րդ դիրքի վրայ Մէօնշընկլատպախ կը վստահի յառաջապահ Թիմ Քլայնտինսթին, որ ազգային խումբին հետ ալ լաւ ելոյթներ ունեցած էր վերջերս:
Պայերնէն պիտի բացակային Ուփամեքանօ (կախակայուած), Սթանիշիչ, Փալինիա, Իթօ, Պոյ, Փերեց եւ Պուխման, մինչ բերդապահ Նոյըր, Մուսիալա, Կնապրի եւ Քոման լաւապէս չեն ապաքինած, բայց կրնան կարճ ժամանակով օգնել խումբին:
Ստորեւ 16-րդ հանգրուանի մրցումները.
Հոֆենհայմ – Վոլֆսպուրկ
Հայտընհայմ – Ունիոն Պերլին
Ֆրայպուրկ – Հոլշթայն Քիլ
Մայնց – Պոխում
Զանքթ Փաուլի – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Մէօնշընկլատպախ – Պայերն Միւնիխ
ՎԱՂԸ
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Վերտըր Պրեմըն
Աուկզպուրկ – Շթութկարթ
Իտալիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ «Սերի Ա.»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումները, ուր Թորինոյի Ողիմպիական դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Թորինօ քաղաքի տերպին` Թորինոյի եւ Եուվենթուսի միջեւ: Թորինօ 21 կէտով կը գրաւէ 11-րդ դիրքը, իսկ Եուվէ 32 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Ստորեւ` 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Էմփոլի – Լեչէ
Ուտինեզէ – Աթալանթա
Թորինօ – Եուվենթուս
Ա. Սէ. Միլան – Քալիարի
ՎԱՂԸ
Ճենովա – Փարմա
Վենեցիա – Ինթեր Միլան
Պոլոնիա – Ա. Էս. Ռոմա
Նափոլի – Վերոնա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Մոնցա – Ֆիորենթինա
Սպանիոյ 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Լա լիկա»-ի դասաւորման պարագլուխի դիրքը կրնայ վերագրաւել Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ վաղը պիտի հիւրընկալէ Օսասունան:
Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ 41 կէտ ունի եւ մրցում մը նուազ կատարած է, քան Ռէալ Մատրիտ (առաջին) եւ 2 կէտով ետ կը մնայ անկէ, իր դէմ պիտի ունենայ 10-րդ դիրքը գրաւող Օսասունան (25 կէտ):
Ստորեւ` յայտագիրը.
Ալավես – Ժերոնա
Վայատոլիտ – Պեթիս
Էսփանիոլ – Լեղանես
Սեւիա – Վալենսիա
ՎԱՂԸ
Լաս Փալմաս – Խեթաֆէ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Օսասունա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ռէալ Սոսիետատ – Վիարէալ
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւող Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ 15-րդ դիրքը գրաւող Սենթ Էթնենը:
Փարիզ 40 կէտ ունի եւ 7 կէտի առաւելութիւն ունի Մարսէյի վրայ, որ պիտի մեկնի Ռեննի (13-րդ) դաշտը` մրցելու համար տեղւոյն խումբին դէմ:
Ստորեւ` 17-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Պրեսթ – Լիոն
Ռենս – Նիս
Ռենն – Մարսէյ
ՎԱՂԸ
Լը Հաւր – Լանս
Թուլուզ – Սթրազպուրկ
Մոնփելիէ – Անժէ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Սենթ Էթիեն


