2 օր առաջ պարտուելէ ետք իր դաշտին վրայ, Քլիվլենտ Քեվելիրզ 127-117 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Ինտիանա Փէյսըրզը` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Ինտիանա, որ իր վերջին 6 մրցումներուն կը յաղթէր, մեծ դժուարութիւն ունեցաւ Քլիվլենտի դէմ, որ բնաւ առիթ չտուաւ մրցակիցին, որ միայն անգամ մը 2 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ ամբողջ մրցումի տեւողութեան:
Տոնավըն Միչել 35 կէտ նշանակեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն խումբի հաշուոյն, ուր Տարիըս Կարլենտ (24 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (22 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) եղան վճռական նաեւ Քլիվլենտի հետ:
Ինտիանայէն կը բացակայէր Թայրիս Հալիպըրթըն: Փասքալ Սիաքամ նշանակեց 23 կէտ ի նպաստ Ինտիանայի:
Տենվըր Նակեթց Թեքսասի մէջ 118-99 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալաս Մեւրիքսը:
Ժամալ Մարէյ 45 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տենվըրի, որուն սերպ աստղը` Նիքոլա Եոքիչ եղաւ առաջին մարզիկը, որ 709 մրցումներու ընթացքին հասաւ 15 հազար կէտի սահմանը` 7500 ռիպաունտ եւ 5000 էսիսթ` բարելաւելով Լերի Պըրտի մրցանիշը, որուն հասած էր 799 մրցումներու ընթացքին:
Տալասի հետ վերադարձած էր Քայրի Ըրվինկ, որ սակայն շատ լաւ ելոյթ մը չունեցաւ եւ 11 կէտով բաւարարուեցաւ: Տանիէլ Կաֆորտ 13 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի:
Աթլանթայի մէջ, տեղւոյն Հոքսը 122-117 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆինիքս Սանզը: Թրէյ Եանկ եղաւ Աթլանթայի լաւագոյն մարզիկը 43 կէտերով, մինչ Տեւըն Պուքըր 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆինիքսի, որ 20-րդ պարտութիւնը կրեց 39-րդ մրցումին: Աթլանթա իր 20-րդ յաղթանակը արձանագրեց 39 մրցումներու ընթացքին:
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 118-102 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դաշտէն: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 32 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Թանտըրի, մինչ Ճասթըն Էտուըրտծ 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 102-118
Ինտիանա Փէյսըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 117-127
Աթլանթա Հոքս – Ֆինիքս Սանզ 122-117
Միլուոքի Պաքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 130-115
Շիքակօ Պուլզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 113-119
Տալաս Մեւրիքս – Տենվըր Նակեթց 99-118
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Պրուքլին Նեթց 114-132