Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ինտիանա Վերջ Դրաւ Քլիվլենտի Յաղթանակներու Երթին

Յունուար 14, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ինտիանա Փէյսըրզ բաւական թոյլ կիսախաղէ մը ետք սքանչելի Բ. կիսախաղ մը ցուցաբերեց` 68 կէտ նշանակելով, նոյն պահուն միայն 40 կէտ ստանալով Քլիվլենտէն, որ 12 անյաղթ մրցումներէ ետք պարտուեցաւ իր դաշտին վրայ` 108-93 արդիւնքով: Քլիվլենտ 15 կէտի առաւելութիւն ունէր մրցումի սկիզբը, եւ վերջին անգամ 8 դեկտեմբերին պարտութիւն կրած էր Մայեմի Հիթէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Ֆլորիտայի մէջ:

Տարիըս Կարլենտ 20 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ Տոնավըն Միչել (9 կէտ) եւ Էվըն Մոպլի (16 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) այդքան լաւ ելոյթ չունեցան:

Թայրիս Հալիպըրթըն, որ 40 յաջորդական մրցումներ կատարած էր Ինտիանայի հետ, Բ. կիսախաղին պրկում ունեցաւ եւ չկրցաւ դաշտ ներկայանալ, Էնտրու Նեմպհարտ 19 կէտ նշանակեց, մինչ Փասքալ Սիաքամ 18 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Ինտիանայի հաշուոյն, որ յաջորդական 6-րդ յաղթանակը տարաւ, տարեշրջանի 22-րդը` 40 մրցումներու ընթացքին:

Նիւ Եորք Նիքս 140-106 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Միլուոքի Պաքսը: Ճէյլըն Պրանսըն 44 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, մինչ յոյն «հսկայ» Եաննիս Անթեթոքումփօ 24 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Միլուոքիի, որ 3 յաջորդական յաղթանակներէ ետք պարտութիւն մը կրեց:

Նիւ Եորք իր վերջին 6 մրցումներուն միայն 2-րդ յաղթանակը տօնեց, բայց ան կը մնայ Արեւելեան շրջանի լաւագոյն 3-րդ խումբը` Քլիվլենտի եւ Պոսթընի ետին:

Պոսթըն Սելթիքս մեծ դժուարութեամբ յաղթեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն տկար խումբերէն` Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի 120-119 արդիւնքով:

Մրցումի աւարտէն 7 երկվայրկեան առաջ, Տերեք Ուայթ (Սելթիքս) գնդակը կորսնցուց, բայց Սի. Ճէյ. Մաքոլում չկրցաւ նշանակել յաղթանակի կողովը…

Ճէյսըն Թէյթըմ 38 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ Քրիսթափս Փորզինկիս 19 կէտ եւ 11 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Պոսթընի, որ վերջին 4 մրցումներուն 2-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Թրէյ Մըրֆի 30 կէտ նշանակեց, մինչ Զայըն Ուիլիամսըն, որ վերադարձած էր 1 մրցում (կախակայուած) բացակայելէ ետք, 16 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Տալաս Մեւրիքս իր 8-րդ մրցումը կատարեց առանց Տոնչիչ-Քայրի Ըրվինկ զոյգին եւ կրեց իր 6-րդ պարտութիւնը, այս անգամ Տենվըր Նակեթցէն` 112-101 արդիւնքով:

Նիքոլա Եոքիչ (19 կէտ եւ 18 ռիպաունտ) եւ Ռասըլ Ուեսթպրուք (21 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) տապըլ-տապըլ ձեռք ձգեցին ի նպաստ 2023-ի ախոյեան Տենվըրին:

Քլէյ Թոմփսըն 6 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը ձեռք ձգելով 25 կէտ, որ սակայն բաւարար չէր յաղթելու Տենվըրի, որ յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆինիքս Սանզ – Չարլոթ Հորնեթց 120-113
Եութա Ճեզ – Պրուքլին Նեթց 112-111
Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 120-119
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 93-108
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 104-99
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 95-136
Տալաս Մեւրիքս – Տենվըր Նակեթց 101-112
Նիւ Եորք Նիքս – Միլուոքի Պաքս 140-106
Շիքակօ Պուլզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 119-124

 

Նախորդը

Թենիս. Ցիցիփաս Եւ Քիրկիոս Դուրս Մնացին

Յաջորդը

Ֆութսալ. Հայաստանի Բերդապահը Աշխարհի Լաւագոյնը Ընտրուեցաւ

RelatedPosts

Աթլեթիզմ.  Արեւմտեան Ասիոյ Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը Սկսաւ Երէկ
Մարզական

Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը Սկսաւ Երէկ

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Եու. Էֆ. Սի.»  Նոյեմբերին` Ծառուկեան-Հուքըր
Մարզական

«Եու. Էֆ. Սի.» Նոյեմբերին` Ծառուկեան-Հուքըր

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Պարսելոնային. Մոնաքօ Կէտ Խլեց Սիթիէն
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Պարսելոնային. Մոնաքօ Կէտ Խլեց Սիթիէն

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?