Նափոլիի վրացի «Ուինկըր» (ծայրի յառաջապահ) Խվիչա Քվարացխելիա պիտի միանայ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն խումբին:
Ըստ «Լ՛Էքիփ»-ի, վրացի 23 տարեկան աստղը արդէն իսկ Ֆրանսա կը գտնուի, եւ իր գործակատարը արդէն իսկ համաձայնութեան հասած է արագ շարժելով, մանաւանդ որ անգլիական խումբեր ալ գիծի մէջ մտած էին ձեռք ձգելու վրացի աստղը:
Ան պիտի ստանայ 5 անգամ աւելի բարձր աշխատավարձ, առանց նոյնիսկ գիտնալու, թէ որքա՛ն կարող են վճարել անգլիական խումբերը: Նախապէս Լիվըրփուլ լրջօրէն հետաքրքրուած էր Քվարացխելիան ձեռք ձգելու նպատակով, բայց Խվիչայի գործակատարը նախընտրեց Ֆրանսան:
Նախապէս Ռեւազ Չելեպածէ յայտնած էր, թէ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ Քվարացխելիա լքէ Նափոլին եւ մեկնի Անգլիա: Չելեպածէ, որ Տինամօ Թիֆլիսի աստղերէն կը նկատուէր եւ Խորհրդային Միութեան ազգային խումբի մարզիկ 1977-էն 1980, յայտնած էր, թէ Նափոլի չի յարգեր վրացի աստղը, որ Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի լաւագոյններէն մէկն է: Ան կը ստանար շատ քիչ աշխատավարձ, նոյնիսկ Նափոլիի 19-րդ կամ 20-րդ նուազագոյն վճարումը:
«Նափոլին զինք չի յարգեր, այլ կ՛օգտագործէ իբրեւ ստրուկ: Ճիշդ կ՛ըլլայ, որ ան մեկնի Անգլիա: Գիտեմ, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Լուիս Էնրիքէ կ՛ուզեն զայն տեսնել իրենց խումբին մէջ: Փարիզ մեծ ակումբ է, ուր խաղցած են Նէյմարն ու Մեսսին: Սակայն «Փրեմիեր լիկ»-ը տարբեր մակարդակ է»:
Նշենք, որ Քվարացխելիա 2022-էն ի վեր մաս կը կազմէ Նափոլիի եւ կատարած է 85 մրցում նշանակելով 28 կոլ եւ կատարելով 19 էսիսթ: