Տարիներէ ի վեր, աւելի ճիշդ ըլլալու համար` 1980-ականներէն ի վեր ֆութպոլ կը դիտեմ, եւ տակաւին չեմ կրցած հասկնալ, թէ համակիրը ի՛նչ կը նախընտրէ:
Կը հետեւիմ անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն, ուր համակիրները 90 վայրկեան կը քաջալերեն, եւ նոյնիսկ երբ իրենց նախասիրած խումբը պարտուած ըլլայ, կը շարունակեն քաջալերել: Այլ երկիրներ տարբեր է վիճակը: Գերմանիոյ մէջ աւելի զուսպ կ՛ըլլան համակիրները, անոնք համեմատաբար աւելի խստապահանջ կ՛ըլլան իրենց ակումբին հանդէպ եւ լուռ կը մնան, եթէ պարտուին:
Սպանիոյ մէջ համակիրները աւելի ճնշում կը բանեցնեն մարզիկներուն վրայ, մինչ Իտալիա քաջալերանքի կողքին մինչեւ սպառնալիքներու կրնայ հասնիլ մարզիկներու հասցէին:
Բայց եթէ գանք հարցնելու, թէ ի՞նչ է ուզուածը, շատերու համար կարեւոր չէ ֆութպոլի որակը, այլ` արդիւնքը:
Եթէ ֆութպոլի տիտղոսները եւ Մոնտիալը յանձնուէր գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցաբերող խումբին, վստահ որ Պրազիլ 5-էն աւելի Մոնտիալ պիտի ունենար, մինչ Իտալիոյ կամ Ուրուկուէյի նման խումբեր Մոնտիալ չէին ունենար: Նետերլանտներն ալ վստահ առնուազն մէկ կամ երկու մոնտիալ շահէին…
Եթէ նայինք տարբերութեան` 1980-ականներու ֆութպոլին եւ այժմու վիճակին միջեւ, ապա կը նկատենք, որ այդ օրերուն փայլուն աստղերը աւելի շատ էին, որովհետեւ ֆութպոլը 2000-էն ետք շատ մեքենացաւ, ամէնէն «տկար» սեպուած երկիրները նոյնիսկ կը հետեւին նոր ձեւի մարզումներուն, եւ այժմ ֆութպոլը դարձած է անկանխատեսելի` բազմաթիւ պատճառներով: 1980-ականներուն ֆութպոլը ֆիզիքականին վստահուած էր աւելի եւ կարծր էր. լաւ թեքնիքով մարզիկներ զսպելու համար կոշտ ֆաուլի կ՛ենթարկուէին այդ աստղերը: Ով որ դիտած է Տիեկօ Մարատոնայի մրցումները` Մոնտիալի կամ Իտալիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, շատ լաւ գիտէ, թէ որքա՛ն ֆաուլի կ՛ենթարկուէր ան, եւ այժմու ֆութպոլիստներէն շատեր վստահ շատ կանուխ լքած կ՛ըլլային ֆութպոլը: ՖԻՖԱ-ն 1990-ականներու երկրորդ մասին աւելի խստացուց օրէնքները` պաշտպանելու համար մարզիկները, որոնցմէ շատեր, ինչպէս Մարքօ Վան Պասթըն, Պրայըն Լաուտրուփ, Փիերլուիճի Քազերակի եւ Մաթիաս Զամըր կանուխ լքեցին ֆութպոլը` յաճախ վիրաւորուելնուն պատճառով:
Վստահաբար Նէյմարի եւ Մեսսիի նման ֆութպոլիստներ չէին կրնար նոյն արդիւնքը տալ, եթէ 20 տարի աւելի կանուխ եկած ըլլային աշխարհ:
Ամէն համակիր պիտի ուզէր, որ իր նախասիրած խումբը թէ՛ լաւ խաղայ, թէ՛ ալ յաղթէ, բայց ինչպէս ըսինք, ֆութպոլը մակարդակի մը հասած է, ուր աւելի արդիւնք կու տայ այն խումբը, որ աւելի քիչ սխալ ընէ:
Համակիրներ միշտ ալ կասկածած են մրցումներու անակնկալ արդիւնքներէն, մանաւանդ որ վերջերս Լիբանանի մէջ աւելի ճանչցուած «պեթ»-ը (գրաւ դնելու գործողութիւն) դիւրին փախուստ մըն է իրականութենէն:
«Կ՛երեւի «պեթ» խաղցեր է խումբը կամ որոշ մարզիկ մը» ըսելով «մէջէն կ՛ելլեն»: Անակնկալ արդիւնքներ միշտ եղած են, միշտ ալ պիտի ըլլան, եւ «պեթ»-ն ալ, որ Փելէի օրերէն կայ, միշտ կրնայ պատճառաբանութիւն ըլլալ:
Եթէ իրականութիւնը կ՛ուզէք, ՖԻՖԱ-ն նախընտրութիւններ ունի եւ միշտ ալ ունեցած է անձնական տիտղոսներու կամ Մոնտիալի ախոյեանի գծով եւ կը «փորձէ» օգնել որեւէ ձեւով: Ան միշտ ալ օգտագործած է ամէնէն պզտիկ առիթը մարզիկները «գործածելու»` մրցաշարքերու ձրի ծանուցումը կատարելու համար:
1994-ին, օրինակ, Մարատոնային առիթ տրուեցաւ մասնակցելու Մոնտիալի` ազգային խումբը լքելէն տարի մը ետք, ուր ՖԻՖԱ-ն իբրեւ ծանուցում պէտք ունէր Մարատոնայի:
Մակարդակի աստղի մը` աւելի հրապուրիչ դարձնելու Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող Մոնտիալը: Ան 3 ամիս ունէր վերատիրանալու իր մակարդակին ու իտէալ կշիռքին եւ դիմած էր որոշ դեղերու` նիհարնալու համար: Մոնտիալի իր 2-րդ մրցումէն ետք արեան քննութեան մէջ աշխուժացնող դեղ գտնուելուն պատճառով ՖԻՖԱ-ն զինք կախակայած էր… աւարտելէ ետք ծանուցումը:
2002-ի Մոնտիալն ալ «հարուստ» էր կասկածելի որոշումներով, ուր Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մրցումներուն աններելի սխալներով զոյգ խումբերը դուրս մնացին: 2022-ին ալ տեսանք առնուազն փենալթի մը Արժանթինի բոլոր մրցումներուն, կարծէք գոհացում տալով Մեսսիին, «որ այլեւս պէտք էր Մոնտիալ» ունենար…