Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան, որ վերջերս լքած էր Սէուտական Արաբիոյ Ֆաթեհ ակումբը, երէկ իր առաջին մրցումը ունեցաւ իր նոր խումբին` Պելկրանոյի հետ:
Արժանթինեան ակումբը բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Ուրուկուէյի Ֆինիքս խումբին հետ եւ յաղթեց 4-0 արդիւնքով:
Այս մրցումին ելոյթ ունեցաւ Լուքաս Զելարայեան, ապա փոխարինուեցաւ իր 20 տարեկան եղբօր` Կոնսալօ Զելարայեանի հետ, որ իր կարգին միացած է խումբին: