Մարզական

Փինկ Փոնկ.  Լարա Քէչէպաշեան` Ազգային Խումբի Յանձնախումբի Անդամ

Փինկ Փոնկ. Լարա Քէչէպաշեան` Ազգային Խումբի Յանձնախումբի Անդամ

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը վերջերս ընտրեց իր ազգային զոյգ խումբերու յանձնախումբը: Ազգային խումբի տնօրէն ընտրուեցաւ Սահակ Պիտինեան, քարտուղար` Պասել Հարպ, տղոց ազգային խումբի վերահսկիչ` Եուսեֆ Շալհուպ, աղջկանց ազգային խումբի վերահսկիչ` Լարա Քէչէպաշեան, որ ընտրուեցաւ նաեւ Լեռնալիբանանի ներկայացուցիչ: Հիւսիսային Լիբանանի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Հիլալ Մոխթար, Պէյրութի ներկայացուցիչ` Ահմետ Հիւսէյն Հարպ, Հարաւային Լիբանանի ներկայացուցիչ` Իպրահիմ Պատիհ, իսկ Նապաթիէի ներկայացուցիչ` Պասել Հարպ:

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Յանձնախումբ.  Այսօր` Ֆութպոլի 2-րդ Շաբթուան Մրցումները

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Մրցումները Շարունակուեցան

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը իր աշխատանքները կը շարունակէ, եւ պասքեթպոլի իր մրցաշարքին վերջին մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. ԿԻՐԱԿԻ, 30 ՄԱՐՏ 2025 ՓՈՔՐ ՏՂԱՔ Մխիթարեան վարժարան - Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան 61-57 ՄԵԾ ՏՂԱՔ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան - Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան 61-51 ՓՈՔՐ ԱՂՋԻԿՆԵՐ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան - Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան 87-11 Համազգայինի Մ. եւ Հ....

Ճատրակ.  Աննա Սարգսեան Պիտի Ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները

Ճատրակ. Աննա Սարգսեան Պիտի Ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Հայաստանի ճատրակի աղջկանց ազգային խումբի անդամ Աննա Սարգսեան այսուհետեւ պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները` միջազգային մրցումներու ընթացքին: Ըստ ՖԻՏԷ-ի վերջին դասաւորման, Աննա Սարգսեան կը գրաւէ աղջկանց դասաւորման 92-րդ դիրքը: Աւելի կանուխ 2021-ին Հայաստանի ազգային խումբէն հեռացած էր նաեւ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի, Ողիմպիականի ու աշխարհի խմբային ախոյեան Լեւոն Արոնեան: Աննա Սարգսեան Լեւոն Արոնեանի նման կը բնակի Սենթ Լուիս Միզուրի: Իր...

Նասեր Խելայֆի Բարձր Նպատակներ  Կը Հետապնդէ

Նասեր Խելայֆի Բարձր Նպատակներ Կը Հետապնդէ

Քաթարցի գործարար Նասեր Խելայֆի, որ Ֆրանսայի Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբին սեփականատէրն է, վերջերս շատ բարձր նպատակ կը հետապնդէ: Ան անցեալ շաբաթ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած էր «գնելու» Սպանիոյ Մալակա ակումբը մօտ 100 միլիոն եւրոյով: Խելայֆիի ընկերութիւնը` «Քաթար սփորթց ինվեսթմընթ», որ արդէն իսկ ունի Փարիզ Սեն Ժերմենի 87,5 տոկոսը, ինչպէս նաեւ Փորթուգալի Պրակա ակումբի 21,67 տոկոսը, հաւանաբար դառնայ Մալակայի 100 տոկոսի սեփականատէրը:...

Մանչեսթըր Սիթի Կը Փորձէ  Ձեռք Ձգել Պարսելոնայի Աստղը

Մանչեսթըր Սիթի Կը Փորձէ Ձեռք Ձգել Պարսելոնայի Աստղը

Մանչեսթըր Սիթի կը շարունակէ աշխուժ ձեւով փնտռել իր պելճիքացի միջնապահ Քեւըն Տը Պրունիէն փոխարինող մարզիկ մը: Ըստ սպանական «Մարքա»-ի Պարսելոնայի սպանացի միջնապահ Փետրի իտէալ տարբերակ մը կը նկատուի Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի համար: Կը նշուի, որ Սիթի 100 միլիոն եւրօ առաջարկած է Փետրիի համար, սակայն քաթալոնական ակումբը Սիթիին յայտնած է, որ Փետրին «ծախու չէ»: Փետրի 2019-ի աշնան միացած էր Պարսային,...

«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Կը Կարծէ, Թէ «Հոնտա»-ի Հետ  Կրնայ Աշխատիլ Ապագային

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Կը Կարծէ, Թէ «Հոնտա»-ի Հետ Կրնայ Աշխատիլ Ապագային

Այս տարեշրջանի աւարտին «Ռետ Պուլ» իր համագործակցութիւնը կ՛աւարտէ «Հոնտա»-ի հետ, սակայն «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափըն կը կարծէ, թէ ճափոնական «Հոնտա»-ին կրնայ վերամիանալ ապագային: «Հոնտա» իր շարժակները տրամադրած էր «Ռետ Պուլ»-ին, որուն հետ 27 տարեկան նետերլանտցի Մաքս Վերշթափըն դարձաւ յաջորդական 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան: Սակայն 2026-էն սկսեալ ճափոնական ընկերութիւնը պիտի միանայ «Ասթոն Մարթին»-ին: Այս շաբաթավերջին Ճափոնի մէջ տեղի ունենալիք կրան...

Ֆութպո՞լ, Թէ՞ Քաղաքականութիւն

Ֆութպո՞լ, Թէ՞ Քաղաքականութիւն

Իրանի ազգային խումբը 2026-ի ֆութպոլի Մոնտիալի իր տոմսը ձեռք ձգած էր անցեալ շաբաթ: Հակառակ այս իրողութեան, կրնայ պատահիլ, որ Իրան բացակայի Մոնտիալէն, որովհետեւ հիւրընկալ երկիրներէն մէկուն նախագահը` Տոնալտ Թրամփ իր քաղաքականութեան պատճառով կրնայ մերժել Իրանէն որեւէ անձի մուտքը Միացեալ Նահանգներ: Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, նորընտիր նախագահը կազմած է ցանկ մը 43 երկիրներու, որոնք կը նկատուին ոչ բարեկամ երկիրներ, եւ այժմ...

Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Ռիատիէն

Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Ռիատիէն

ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը, բաւական տկար ելոյթէ մը ետք, 69-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին վրայ, երեքշաբթի յետմիջօրէի իր մրցումին` Ռիատիի դէմ: ՀՄԸՄ սկսաւ մրցումը 2 օտար մարզիկներով` նկատի ունենալով, որ Տի. Ճէյ. Քենետի օր մը առաջ թունաւորուած էր եւ հազիւ քանի մը անգամ մասնակցեցաւ` ընդամէնը 12 վայրկեան, որովհետեւ արդէն իսկ ան պիտի փոխարինուի Թայլըր Պէյով, որ միացաւ ՀՄԸՄ-ին:...

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Պէյրութ Ֆըրսթի (53-78)

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Պէյրութ Ֆըրսթի (53-78)

Շաբաթ օր 75-59 արդիւնքով յաղթելէ ետք Չեմփսին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեքշաբթի գիշեր Շիյահի դաշտին վրայ կրցաւ 53-78 արդիւնքով յաղթել տեղւոյն Պէյրութ Ֆըրսթին, որ անցեալ տարուան փոխախոյեանն էր: Մրցումը շատ հաւասարակշռուած սկսաւ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս գրեթէ չկրցաւ արգիլել Պէյրութի կողովները եւ 24-24 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց առաջին մասը: Բ. մասին ՀՄԸՄ Անթիլիաս միայն 11 կէտ կրցաւ նշանակել, բայց բաւարար էր այդ թիւը` նկատի...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քըրրի 12 Յաջող 3 Կէտնոց Կողովներ Նշանակեց

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրրի 12 Յաջող 3 Կէտնոց Կողովներ Նշանակեց

Սթեֆ Քըրրի երէկ առաւօտեան ժամերուն բարձր մակարդակի ելոյթ մը եւս ունեցաւ, ուր Մեմֆիս Կրիզլիզի դաշտին վրայ 134-125 արդիւնքով յաղթանակի առաջնորդեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը: Քըրրի 36 վայրկեաններու ընթացքին 20 փորձերէն 12 յաջող երեք կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը 52 կէտ նշանակելով: Ան քիչ մնաց թրիփըլ տապըլ իրագործէր, երբ 10 ռիպաունտի կողքին 8 էսիսթ ալ ձեռք ձգեց: Ճիմի Պաթլըր 27 կէտ ալ աւելցուց...

ՀՄԸՄ-ի Պատանիները Յաղթեցին Պի. Էֆ. Էյ.ին` 4-0 Արդիւնքով

Այսօր` ՀՄԸՄ-ի Պատանիներ – Էս.Էս.Էյ.

Այսօր ՀՄԸՄ¬ի ֆութպոլի պատանիներու խումբը (2008-2009 ծնունդ), որ կը մասնակցի Պի.Էֆ.Էյ.-ի կազմակերպած ֆութպոլի մրցաշարքին, պիտի մրցի Էս.Էս.Էյ.-ին դէմ: Մրցումը տեղի կ՛ունենայ ժամը 17:30-ին, Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ: Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով մեկնիլ դաշտ` քաջալերելու համար ապագայի մեր խումբը: Քառորդ աւարտականին տղաքը շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրած էին հիւրընկալ Պի.Էֆ.Էյ.-ի դէմ` 4-0 արդիւնքով:  

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Չեմփս

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Չեմփս

Այսօր երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Չեմփսը` աղջկանց ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին գծով: Երթին 66-47 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած ՀՄԸՄ Անթիլիաս այսօր վստահաբար պիտի կրկնէ այդ յաղթանակը: Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով մեկնիլ դաշտ, քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի  աղջկանց խումբը:    

Պասքեթպոլ.   ՀՄԸՄ Յաղթեց Մարիսթին  Շանվիլի Դաշտին Վրայ` 86-100 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Մարիսթին Շանվիլի Դաշտին Վրայ` 86-100 Արդիւնքով

Երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբը բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ պարտութեան մատնեց Մարիսթի խումբը Շանվիլի դաշտին վրայ` 100-86 արդիւնքով: 9-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումին սկիզբը Մարիսթ աւելի լաւ սկսաւ, եւ առաջին 5 վայրկեաններուն, երբ 7 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի վրայ, կը կարծուէր, թէ պարտութիւն մը եւս պիտի կրէին մեր տղաքը: Սակայն առաջին մասին իսկ ՀՄԸՄ ինքզինք վերագտաւ եւ 15-19...

Մխիթարեան Կը Մտադրէ Բարձր Մակարդակով Աւարտել Իր Ասպարէզը

Մխիթարեան Կը Մտադրէ Բարձր Մակարդակով Աւարտել Իր Ասպարէզը

Հենրիխ Մխիթարեան 36 տարեկանին կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն` մնալով Ինթեր Միլանի կարեւորագոյն ֆութպոլիստներէն: Հենրիխ Մխիթարեան վերջերս խօսեցաւ իր ապագայի մասին. «Իմ ցանկութիւնը բարձր մակարդակով աւարտելն է Ինթեր Միլանի նման ակումբի հետ: Այս վայրկեանին շատ ուրախ եմ այստեղ: Կը ցանկամ շարունակել, եւ աւելի ուշ կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ: Սպասենք մինչեւ եղանակի աւարտը եւ յետոյ տեսնենք, կը մնա՞մ, թէ՞ ոչ:...

ՖԻՖԱ-ն 1 Միլիառ Տոլար Պիտի Բաժնէ…

ՖԻՖԱ-ն 1 Միլիառ Տոլար Պիտի Բաժնէ…

Այս ամրան տեղի ունենալիք միջցամաքամասային մրցաշարքին կամ ակումբներու մոնտիալին, ՖԻՖԱ մէկ միլիառ ամերիկեան տոլար պիտի բաժնէ մասնակից 32 ակումբներուն: Այս գումարը շատ մեծ կը թուի ըլլալ մանաւանդ Հարաւային Ափրիկէի Մամելոտի Սանտաունզի կամ Մարոքի Ուիտատ Քազապլանքայի նման համեմատաբար «աղքատ» խումբերու համար: Մամելոտիի տարեկան պիւտճէն 10 միլիոն տոլար է, իսկ Ուիտատի պիւտճէն` մօտ 11,5 միլիոն տոլար: ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած այս մրցաշարքը շատ լաւ...

Լիվըրփուլ Կրնայ Դժուարութեան Առջեւ Գտնուիլ

Լիվըրփուլ Կրնայ Դժուարութեան Առջեւ Գտնուիլ

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի այս տարեշրջանի ախոյեանութեան թիւ 1 թեկնածուն` Լիփըրփուլը, այս տարեշրջանի աւարտին մեծ դժուարութեան առջեւ կրնայ գտնուիլ: Վիրճիլ Վան Տայքի, Մոհամետ Սալահի եւ Թրենթ-Ալեքսանտր Առնոլտի հեռանալը պիտի տկարացնէ Լիփըրփուլը, ոչ միայն մարզական, այլ նաեւ նիւթական առումով: Անոնց անվճար հեռանալը կը խախտէ նիւթական ֆեր-փլէյի կանոնները, մասնաւորապէս Առնոլտի համար, որովհետեւ ան ակումբի սան է եւ կրնար շահ բերել իր ակումբին: Լիվըրփուլ...

«Էն.Պի.Էյ.»  Շիքակօ Պուլզ Կրկնեց Իր Յաղթանակը

«Էն.Պի.Էյ.» Շիքակօ Պուլզ Կրկնեց Իր Յաղթանակը

Երէկ «Էն.Պի.Էյ.»-ի այս տարեշրջանի ամէնէն տաք մրցումներէն մէկուն, Շիքակօ Պուլզ իր դաշտին վրայ վերջին երկվայրկեաններուն յաղթեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: Շիքակօ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ 13 կէտի հասցուց իր առաւելութիւնը առաջին մասին, Բ. մասին վերջերուն Լէյքըրզ ինքզինք գտաւ եւ 1 կէտով յառաջացաւ մինչեւ կիսախաղ: Երրորդ մասին Լէյքըրզ շարունակեց իր տիրապետութիւնը եւ չորրորդ մասին, երբ առաւելութիւնը հասաւ 20 կէտի (76-96), կը...

Պասքեթպոլ  Այսօր` Մարիսթ – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ Այսօր` Մարիսթ – ՀՄԸՄ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին, Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի ըլլայ հիւրը Մարիսթին: Լիբանանի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի գծով այս մրցումին, երկու խումբերն ալ իրենց նախկին 8 մրցումներուն երեք յաղթանակ արձանագրած են, եւ ո՛վ որ լաւ խաղայ, պիտի յաղթէ 4-րդ մրցումը: ՀՄԸՄ այս տարեշրջանին բաւական անկայուն վիճակ ունի, եւ դաշտին վրայ ոչ շատ «առողջ» մթնոլորտ մը կայ, ուր...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Հուփսի` 91-68 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Հուփսի` 91-68 Արդիւնքով

Չորեքշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Ռոքլենտ Արենա»-ի դաշտին վրայ 91-68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը, աղջկանց ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով: ՀՄԸՄ-ի աղջիկները զգալիօրէն աւելի լաւ ելոյթ կ՛ունենան եւ գրեթէ առանց յաւելեալ ճիգի կը յաղթեն նոր մարզիչ Ժիլպեր Սալիպայի հետ, որ առիթ կու տայ գրեթէ բոլոր մարզիկներուն, մանաւանդ այս մրցումին նման 30 կէտի առաւելութիւն ունենալէն ետք: Անգամ մը եւս ՀՄԸՄ Անթիլիասի 12...

Ճատրակ.  Կապրիէլ Սարգսեան 6-րդ Դիրքը Գրաւեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Ճատրակ. Կապրիէլ Սարգսեան 6-րդ Դիրքը Գրաւեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցան Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան մրցումները, որոնց ծիրին մէջ 11 կարելի կէտերէն 8,5 շահեցաւ գերմանացի Մաթիաս Պլուպաում եւ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Այլ գերմանացի վարպետ մը` Ֆրետերիք Ցվան նոյնքան կէտերով (8,5) գրաւեց Բ. դիրքը, իսկ իսրայէլցի Մաքսիմ Ռոտշթայն գրաւեց երրորդ դիրքը: Հայաստանի ներկայացուցիչ Կապրիէլ Սարգսեան 8 կէտ հաւաքեց եւ գրաւեց 6-րդ դիրքը, մինչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան (17-րդ), Շանթ Սարգսեան...

Page 130 of 1275 1 … 129 130 131 … 1,275

Արխիւներ