Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Կը Կարծէ, Թէ «Հոնտա»-ի Հետ Կրնայ Աշխատիլ Ապագային

Ապրիլ 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարեշրջանի աւարտին «Ռետ Պուլ» իր համագործակցութիւնը կ՛աւարտէ «Հոնտա»-ի հետ, սակայն «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափըն կը կարծէ, թէ ճափոնական «Հոնտա»-ին կրնայ վերամիանալ ապագային:

«Հոնտա» իր շարժակները տրամադրած էր «Ռետ Պուլ»-ին, որուն հետ 27 տարեկան նետերլանտցի Մաքս Վերշթափըն դարձաւ յաջորդական 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան:

Սակայն 2026-էն սկսեալ ճափոնական ընկերութիւնը պիտի միանայ «Ասթոն Մարթին»-ին:

Այս շաբաթավերջին Ճափոնի մէջ տեղի ունենալիք կրան փրիի մրցումի նախօրեակին, Վերշթափըն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Հոնտա»-ին:

«Լաւ ժամանակաշրջան մըն էր շատ հաճելի յիշատակներով: Անշուշտ յաջողութիւն գտած էինք «Հոնտա»-էն առաջ ալ, սակայն աներեւակայելի էր, որ տարիներով պիտի մնանք բարձր դիրքի վրայ: Եւ միայն կ՛ուզեմ փորձել եւ պարզապէս վայելել շաբաթավերջը` կարելի եղածին չափ արագ սուրալով, բայց անշուշտ յիշելով, թէ ի՛նչ իրականացուցինք միասնաբար «Ֆորմիւլա 1-»-ի մէջ, եւ ով գիտէ ապագային ալ թերեւս… Ասիկա պարզապէս ժամանակաւոր ցտեսութիւն մըն է: Ես երիտասարդ եմ տակաւին, եւ ոչ մէկը գիտէ, թէ ապագան ի՛նչ կը պահէ»:

Վերշթափընի այս խօսքերը արդէն ձեւով մը շշուկները եւ կասկածները աւելցուցին անոր ապագային գծով, որ կրնայ աւելի կարճ ըլլալ «Ռետ Պուլ»-ի հետ: Ճիշդ է, որ ան մինչեւ 2028 պայմանագրութիւն ունի, սակայն անոր պայմանագրութեան մաս կը կազմէ կարեւոր պայման մը, որ կապ ունի ինքնաշարժին արդիւնքներուն հետ կապուած:

«Ֆորմիւլա 1»-ի նախկին վարորդ Խուան Փապլօ Մոնթոյա կը կարծէ, որ «Ասթոն Մարթին», որ արդէն իսկ ձեռք ձգած է «Ռետ Պուլ»-ի նախկին ինքնաշարժի ծրագրող-մեքենագէտ Ատրիան Նիուին, կրնայ լաւ առաջարկ մը ներկայացնել Վերշթափընի, որ վստահաբար չի կրնար մերժել այդ առաջարկը:

«Կարծեմ Մաքս ոչ չի կրնար ըսել «Ասթոն Մարթին»-ի առաջարկին: Եթէ ես Մաքսը ըլլայի, «Ասթոն»-ին կը միանայի: «Մերսետես»-ն ալ լաւ կրնայ ըլլալ, բայց «Ասթոն» աւելի տրամաբանական կրնայ ըլլալ, «Ատրիան»-ի եւ «Հոնտա»-ի հետ: Ամէն ինչի հետ որ շահած է, հոն է արդէն իսկ», ըսաւ Մոնթոյա:

Նշենք, որ «Ռետ Պուլ» այս շաբաթավերջին Սուզուքայի մէջ կարմիր եւ ճերմակ գոյներով պիտի մասնակցի` իր վերջին մասնակցութիւնը բերելով «Հոնտա»-ի հետ:

Յիշեցնենք, որ «Ռետ Պուլ» այս կրան փրիէն սկսեալ Վերշթափընի զոյգը որոշեց փոխել: Արդարեւ, նոր զելանտացի վարորդ Լիամ Լոսըն 2 կրան փրիներէ ետք փոխարինուեցաւ Եուքի Ցունոտայով, որ մաս կը կազմէր «Ռետ Պուլ»-ի պահեստի խումբ «Ռեյսինկ Պուլզ»-ին:

Լոսըն, որ անցեալ տարի մաս կը կազմէր «Ռէյսինկ Պուլզ»-ին, վերամիացաւ իր նախկին խումբին` «Ռետ Պուլ»-ի իր աթոռը զիջելով ճափոնցի Ցունոտային:

Նախորդը

Ֆութպո՞լ, Թէ՞ Քաղաքականութիւն

Յաջորդը

Մանչեսթըր Սիթի Կը Փորձէ Ձեռք Ձգել Պարսելոնայի Աստղը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա

Օգոստոս 20, 2025
Նոր «Հիւանդութիւն» Մը`  Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ
Մարզական

Նոր «Հիւանդութիւն» Մը` Միջազգային Ֆութպոլին Մէջ

Օգոստոս 20, 2025
«Չեմփիընզ Լիկ».  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու  Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Ակումբներու Դասաւորումը` 2025-2026 Տարեշրջանի Մեկնարկէն Առաջ

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?