Սթեֆ Քըրրի երէկ առաւօտեան ժամերուն բարձր մակարդակի ելոյթ մը եւս ունեցաւ, ուր Մեմֆիս Կրիզլիզի դաշտին վրայ 134-125 արդիւնքով յաղթանակի առաջնորդեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը:
Քըրրի 36 վայրկեաններու ընթացքին 20 փորձերէն 12 յաջող երեք կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը 52 կէտ նշանակելով: Ան քիչ մնաց թրիփըլ տապըլ իրագործէր, երբ 10 ռիպաունտի կողքին 8 էսիսթ ալ ձեռք ձգեց: Ճիմի Պաթլըր 27 կէտ ալ աւելցուց ի նպաստ Ուորիըրզի, որ ձեւով մը վրէժ լուծեց Մեմֆիսէն անցեալ դեկտեմբերին կրած պարտութեան: Մեմֆիս, որ 51 կէտի առաւելութեամբ յաղթած էր դեկտեմբերին, վերջին մասին չկրցաւ քայլ պահել Կոլտըն Սթէյթի հետ:
Ճա Մըրենթ 36 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մեմֆիսի, որ այս պարտութեամբ Արեւմտեան շրջանի 5-րդ դիրքը կորսնցուց Կոլտըն Սթէյթի հաշուոյն:
Ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Տենվըր Նակեթց Քոլորատոյի իր դաշտին վրայ մէկ կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը կրեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն:
Վուլվզ, որ կը պայքարի ապահով դիրք մը գրաւելու` փլէյ օֆ խաղալու համար, Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ «տաք» մրցումէ մը ետք Նեզ Ռիտը եւ Տոնթէ Տիվինսենցոն կորսնցուցած էր` կախակայուած ըլլալնուն պատճառով:
Հակառակ ասոր, Մինեսոթայի պայքարի ոգին բարձր էր, եւ 16 կէտով ետ մնալով հանդերձ ինքզինք գտաւ եւ 102 արդիւնքով հաւասար աւարտեց մրցումը: Բնականաբար դիմուեցաւ 5 վայրկեան երկարաձգման, որուն ընթացքին երկու խումբերը 13-ական կէտեր նշանակեցին… Երկրորդ երկարաձգման ընթացքին Մինեսոթա 1 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ աւարտել մրցումը եւ 140-139 արդիւնքով յաղթեց:
Սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ 61 կէտ նշանակեց իր թրիփըլ տապըլը ամբողջացնելով 10-ական էսիսթ եւ ռիպաունտ ձեռք ձգելով, սակայն մէկ ծաղիկով գարուն չեկաւ…
Մինեսոթա 6 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Անթոնի Էտուըրտծ 34 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Ճուլիըս Ռենտըլ (26 կէտ) Նիքէյլ Ալեքսանտըր-Ուոքըր (26 կէտ) Ռուտի Կոպեր (19 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), Ճէյտըն Մկլտենիըլզ (12 կէտ) եւ Ճոշ Մինըթ (10 կէտ) եղան արդիւնաւէտ` Մինեսոթայի կազմէն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Միլուոքի Պաքս – Ֆինիքս Սանզ 133-123
Նիւ Եորք Նիքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 105-91
Աթլանթա Հոքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 113-127
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 125-134
Շիքակօ Պուլզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 137-118
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 105-116
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 139-140


