Այս ամրան տեղի ունենալիք միջցամաքամասային մրցաշարքին կամ ակումբներու մոնտիալին, ՖԻՖԱ մէկ միլիառ ամերիկեան տոլար պիտի բաժնէ մասնակից 32 ակումբներուն:
Այս գումարը շատ մեծ կը թուի ըլլալ մանաւանդ Հարաւային Ափրիկէի Մամելոտի Սանտաունզի կամ Մարոքի Ուիտատ Քազապլանքայի նման համեմատաբար «աղքատ» խումբերու համար:
Մամելոտիի տարեկան պիւտճէն 10 միլիոն տոլար է, իսկ Ուիտատի պիւտճէն` մօտ 11,5 միլիոն տոլար:
ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած այս մրցաշարքը շատ լաւ է այս ակումբներու նման համեմատաբար աղքատ խումբերու համար, եւ բաւական նիւթական ներդրում կ՛ըլլայ պարզապէս անոնց մասնակցութիւնը:
Ախոյեան խումբը 125 միլիոն տոլարով պիտի մեկնի տուն: Պարգեւի գումարը կը բաժնուի 2 հիմնական մասերու: Ելոյթի համեմատ վճարում 475 միլիոն տոլար, իսկ մասնակցութեան համար` 525 միլիոն տոլար:
Ակումբներու մոնտիալը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենայ 15 յունիսէն 13 յուլիս, պիտի ըլլայ ամերիկեան ֆութպոլի նման 32 խումբերով:
«Պունտըսլիկա»-էն պիտի մասնակցին Պայերն Միւնիխն ու Պորուսիա Տորթմունտը, որոնք պիտի միանան ֆութպոլի մեծագոյն ակումբներուն` Ռէալ Մատրիտին, Մանչեսթըր Սիթիին, Փարիզ Սեն Ժերմենին, ինչպէս նաեւ Ուիտատի, Ուլսանի, Ռետ Պուլ Զալցպուրկի եւ Մամելոտիի նման ակումբներու:
Ինչպէս յայտնեց ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ, ֆութպոլը աւելի զարգացնելու քայլ է այս մէկը, ուր ակումբներ մեծ գումարներ ստանալով իրենց մակարդակը աւելի եւս պիտի զօրացնեն:
«Բոլոր շահերը պիտի ստանան ակումբները», ըսաւ Ինֆանթինօ: ՖԻՖԱ-ի անձնական պահեստի նիւթական կառոյցները պիտի չազդուին այս մրցաշարքի մեծ ծախսերէն:
Պայերն Միւնիխի նախագահ Եան-Քրիսթիան Տրեզըն վերջերս յայտնեց, որ Պայերն 30 միլիոն տոլար պիտի ստանայ միայն մասնակցելու համար այս մրցաշարքին:
Եւրոպական ակումբները պիտի ստանան ամէնէն շատը, իսկ մրցանակի չափը կախեալ պիտի ըլլայ իրենց արդիւնքներէն` սկսելով 13 միլիոն տոլարէն մինչեւ 38 միլիոն տոլար:
Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչները պիտի ստանան 15 միլիոն տոլար, իսկ մնացեալ մասնակիցները` մօտ 9 միլիոն տոլար: