Իրանի ազգային խումբը 2026-ի ֆութպոլի Մոնտիալի իր տոմսը ձեռք ձգած էր անցեալ շաբաթ:
Հակառակ այս իրողութեան, կրնայ պատահիլ, որ Իրան բացակայի Մոնտիալէն, որովհետեւ հիւրընկալ երկիրներէն մէկուն նախագահը` Տոնալտ Թրամփ իր քաղաքականութեան պատճառով կրնայ մերժել Իրանէն որեւէ անձի մուտքը Միացեալ Նահանգներ:
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, նորընտիր նախագահը կազմած է ցանկ մը 43 երկիրներու, որոնք կը նկատուին ոչ բարեկամ երկիրներ, եւ այժմ լրջօրէն կը մտածէ այդ երկիրներու քաղաքացիներու մուտքը արգիլելու մասին:
Վաւերացուելու պարագային, իրանցի ֆութպոլիստները չեն կրնար մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ, բան մը, որ կը նշանակէ, թէ անոնց մասնակցութիւնը անկարելի կրնայ ըլլալ:
Նշենք, որ 2026-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ: