Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Հուփսի` 91-68 Արդիւնքով

March 28, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Ռոքլենտ Արենա»-ի դաշտին վրայ 91-68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը, աղջկանց ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:

ՀՄԸՄ-ի աղջիկները զգալիօրէն աւելի լաւ ելոյթ կ՛ունենան եւ գրեթէ առանց յաւելեալ ճիգի կը յաղթեն նոր մարզիչ Ժիլպեր Սալիպայի հետ, որ առիթ կու տայ գրեթէ բոլոր մարզիկներուն, մանաւանդ այս մրցումին նման 30 կէտի առաւելութիւն ունենալէն ետք:

Անգամ մը եւս ՀՄԸՄ Անթիլիասի 12 մարզիկներն ալ մասնակցեցան այս մրցումին: ՀՄԸՄ-ի նոր օտարը, որ իր երկրորդ մրցումը կատարեց` Ճիլիըն Արչըր, անգամ մը եւս լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 31 կէտ եւ ձեռք ձգելով 10 ռիպաունտ, մինչ Կապի Սաատ իր կարգին լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 12 կէտ, 4 անսխալ 3 կէտնոց կողովներէ ետք, ուր 100 տոկոս յաջողութեամբ նշանակեց` ձեռք ձգելով 10 էսիսթ ալ: Տանիելլա Ֆայյատ 15 կէտ նշանակեց, մինչ Ճաքայրա Էլըն 16 կէտերուն կողքին 7 էսիսթ կատարեց:

Փերլա Պու Նասր 5 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Փաթիլ Ասատուրեան 6 կէտ նշանակեց 5 էսիսթներու կողքին: Սթեֆանի Հատտատ 4 կէտ նշանակեց, մինչ Ալիք Թապաքեան 2 կէտ աւելցուց ՀՄԸՄ-ի հաշուոյն:

Խումբին ընթացքը լաւ կը թուի ըլլալ, բայց աւելի ուշադիր պէտք է ըլլալ թըրն-օվըրներու գծով: Զօրաւոր խումբերու դէմ թէ՛ թըրն-օվըրները պէտք է քիչ կատարել, թէ՛ ալ ազատ հարուածներուն մեծամասնութիւնը պէտք է նպատակին հասցնել: Անթիլիասի աղջիկները 53 տոկոսով կը նշանակեն ազատ հարուածները, որոնք պէտք է աւելի լաւ ըլլան:

Վաղը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Չեմփսը, երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Կը սպասուի, որ անգամ մը եւս յաղթանակով աւարտի այս մրցումը, մանաւանդ ՀՄԸՄ-ի համակիրներու ներկայութեան, եւ այս մրցումը պէտք է փորձ մը ըլլայ յաջորդ մրցակից Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ մրցումէն առաջ:

Նշենք, որ այս հանգրուանին անյաղթ խումբը` Ազուր, կրած էր իր առաջին պարտութիւնը, երբ 59-68 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռիատիէն:

Ստորեւ` 11-րդ հանգրուանի արդիւնքները.

Ազուր – Ռիատի 59-68
Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 68-91
Չեմփս – Անդրանիկ 57-41
Էն. Էս. Էյ. – Սփորթինկ Պքեննեյա 72-85
Պէյրութ Ֆըրսթ – Մթայլեպ 59-51

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԿԷՏ ԿԷՏԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
1.- Ռիատի 10 1 21 +300
2.- Ազուր 10 1 21 +159
3.- ՀՄԸՄ Անթիլիաս 9 2 20 +202
4.- Պէյրութ 7 4 18 +125
5.- Չեմփս 6 5 17 -71
6.- Սփորթինկ Պքեննեյա 5 5 16 +25
7.- Էն. Էս. Էյ. 3 8 14 -149
8.- Մթայլեպ 3 8 14 -105
9.- Հուփս 1 10 12 -230
10.- Անդրանիկ 1 10 12 -256

12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՎԱՂԸ
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Չեմփս
Էն. Էս. Էյ. – Ռիատի
Անդրանիկ – Պէյրութ Ֆըրսթ

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Հուփս – Սփորթինկ Պքեննեյար

Նախորդը

Ճատրակ. Կապրիէլ Սարգսեան 6-րդ Դիրքը Գրաւեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Յաջորդը

Պասքեթպոլ Այսօր` Մարիսթ – ՀՄԸՄ

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.