Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն.Պի.Էյ.» Շիքակօ Պուլզ Կրկնեց Իր Յաղթանակը

March 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն.Պի.Էյ.»-ի այս տարեշրջանի ամէնէն տաք մրցումներէն մէկուն, Շիքակօ Պուլզ իր դաշտին վրայ վերջին երկվայրկեաններուն յաղթեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզին:

Շիքակօ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ 13 կէտի հասցուց իր առաւելութիւնը առաջին մասին, Բ. մասին վերջերուն Լէյքըրզ ինքզինք գտաւ եւ 1 կէտով յառաջացաւ մինչեւ կիսախաղ: Երրորդ մասին Լէյքըրզ շարունակեց իր տիրապետութիւնը եւ չորրորդ մասին, երբ առաւելութիւնը հասաւ 20 կէտի (76-96), կը կարծուէր, որ Լէյքըրզ վրէժ պիտի լուծէ 5 օր առաջ իր կրած պարտութեան համար: Սակայն Շիքակօ Պուլզ 3 կէտերու տարափէ մը ետք տարբերութիւնը նուազեցուց 5 կէտի` 12 երկվայրկեան առաջ:

9 յաջող երեք կէտեր նշանակելէ ետք Շիքակօ տակաւին պիտի նշանակէր 2 հատ 3 կէտնոց կողովներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը` Ճոշ Կիտիի միջոցով դաշտի կեդրոնէն պազըր պիթըրով, որուն շնորհիւ Շիքակօ 119-117 արդիւնքով յաղթական աւարտեց մրցումը:

Աւստրալիացի Ճոշ Կիտի թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 25 կէտ 14 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ:

Իր խմբակից Քոպի Ուայթ 26 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց: Լէյքըրզի լաւագոյններն էին Օսթըն Ռիվզ (30 կէտ) եւ Լուքա Տոնչիչ (25 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), մինչ Լըպրոն Ճէյմս 17 կէտ նշանակեց եւ 12 էսիսթ կատարեց:

Պէտք է նշել, որ Կիտի իր վերջին 10 մրցումներուն 220 կէտ, 96 ռիպաունտ եւ 100 էսիսթ կատարած է:

Ան միացաւ այլ 7 պատմական մարզիկներու, որոնք 10 մրցումի ընթացքին այսքան յաջողութիւն գտած են:

Իրմէ առաջ, Մայքըլ Ճորտըն, Նիքոլա Եոքիչ, Լուքա Տոնչիչ, Ռասըլ Ուեսթպրուք, Ճէյմս Հարտըն, Լըպրոն Ճէյմս եւ Մեճիք Ճոնսըն կրցած էին այս պատմական թիւերուն հասնիլ:

Շիքակոյի յաջորդական 4-րդ յաղթանակն էր այս մէկը, որ ընդհանուր դասաւորման մէջ բարելաւեց փլէյ օֆի հասնելու իր յոյսերը:

Այլ խումբ մը, որ իր պատմութեան ամէնէն դժուար օրերը կ՛անցընէ, Տալաս Մեւրիքսն է, որ վիրաւորներու երկար ցանկ մը ունի:

Անթոնի Տէյվիս, որ Տալասին միանալէ ետք 1 մրցում կրցած էր խաղալ եւ 6 շաբաթէ վիրաւոր էր, երէկ վերադարձաւ եւ 15 կէտ նշանակեց 7 ռիպաունտներու կողքին` օգնելով Տալասին, որ Օրլանտոյի մէջ յաղթէ 92-101 արդիւնքով: Լուքա Տոնչիչի մեկնումով, Լէյքըրզ (փոխարինուեցաւ Անթոնի Տէյվիսով) Տալաս յոյսը դրած էր Քայրի Ըրվինկ – Անթոնի Տէյվիս զոյգին վրայ, որ կը խոստանար ըլլալ աւելի յաջող, սակայն երկուքն ալ վիրաւորուեցան: Քայրիի վէրքը վիրաբուժութեան կը կարօտէր, եւ ան այս եղանակին կարողութիւն չունի վերադառնալու:

Տանթէ Էքսըմ, Տանիել Կաֆորտ, Քեսլըր Էտուըրտծ եւ Օլիվիէ-Մեքսընզ Փրոսփըր վիրաւոր են Քայրիի կողքին:

Անթոնի Տէյվիսի վերադարձով Տալաս քիչ մը աւելի պայքարելով կրնայ փլէյ օֆի հանգրուան հասնիլ: Ան 29 վայրկեան խաղցաւ իր առաջին մրցումին` նշանակելով 15 կէտ եւ ձեռք ձգելով 7 ռիպաունտ:

Ճէյտըն Հարտի 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, որ Օրլանտոյի 4 յաջորդական յաղթանակէն ետք պարտութեան մատնեց զայն:

Փաուլօ Պանչերօ 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մեճիքի:

Ինտիանա Փէյսըրզ 162-109 արդիւնքով մրցանիշ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը: Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Ինտիանա իր պատմութեան առաւելագոյն կէտերը նշանակեց, մինչ Ուաշինկթըն առաւելագոյն կէտերը ստացաւ:

Թայրիս Հելիպըրթըն 29 կէտ նշանակեց մրցումի մը, որուն ընթացքին Ինտիանայէն 9 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին:

Արդիւնքը շատ աւելի մեծ կրնար ըլլալ երբ մրցումի վերջին վայրկեանին Ինտիանա սկսաւ 24 երկվայրկեանը գործածել առանց հարուածելու, բան մը, որ դժգոհեցուց Ուաշինկթընի համակիրները:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քեվըլիրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 124-116
Օրլանտօ Մեճիք – Տալաս Մեւրիքս 92-101
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ինտիանա Փէյսըրզ 109-162
Մայեմի Հիթ – Աթլանթա Հոքս 122-112
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մեմֆիս Կրիզլիզ 125-104
Շիքակօ Պուլզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 119-117
Եութա Ճեզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 110-121
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 128-107

 

Նախորդը

Հաւատքի Եւ Գործի Ընկերը` Սարգիս Զէյթլեան*

Յաջորդը

Լիվըրփուլ Կրնայ Դժուարութեան Առջեւ Գտնուիլ

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.