Այսօր երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Չեմփսը` աղջկանց ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին գծով:
Երթին 66-47 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած ՀՄԸՄ Անթիլիաս այսօր վստահաբար պիտի կրկնէ այդ յաղթանակը:
Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով մեկնիլ դաշտ, քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը:


