«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Հայաստանի ճատրակի աղջկանց ազգային խումբի անդամ Աննա Սարգսեան այսուհետեւ պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները` միջազգային մրցումներու ընթացքին:
Ըստ ՖԻՏԷ-ի վերջին դասաւորման, Աննա Սարգսեան կը գրաւէ աղջկանց դասաւորման 92-րդ դիրքը:
Աւելի կանուխ 2021-ին Հայաստանի ազգային խումբէն հեռացած էր նաեւ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի, Ողիմպիականի ու աշխարհի խմբային ախոյեան Լեւոն Արոնեան:
Աննա Սարգսեան Լեւոն Արոնեանի նման կը բնակի Սենթ Լուիս Միզուրի: Իր հեռացման օրերուն Արոնեան յայտնած էր, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բաւարար ձեւով չէր քաջալերէր ճատրակը, որ իր կեանքի մղիչ ուժն էր: