ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը, բաւական տկար ելոյթէ մը ետք, 69-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին վրայ, երեքշաբթի յետմիջօրէի իր մրցումին` Ռիատիի դէմ:
ՀՄԸՄ սկսաւ մրցումը 2 օտար մարզիկներով` նկատի ունենալով, որ Տի. Ճէյ. Քենետի օր մը առաջ թունաւորուած էր եւ հազիւ քանի մը անգամ մասնակցեցաւ` ընդամէնը 12 վայրկեան, որովհետեւ արդէն իսկ ան պիտի փոխարինուի Թայլըր Պէյով, որ միացաւ ՀՄԸՄ-ին:
Ռիատի, որ արդէն իսկ ղրկած էր իր երկրորդ օտարը` Ճորճ Քինկը, մէկ օտարով` Լիման Տիոփի հետ (սենթըր) խաղցաւ: Էտկար Սոսա միայն 2 մրցում կատարած էր, իսկ Ճորճ Քինկ` 6:
Ռիատի, որ շաբաթ օր 86-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Պէյրութ Ֆըրսթէն (9-րդ հանգրուանին) արդէն իսկ ունի շատ լաւ մակարդակի տեղացի մարզիկներ, որոնց հետ կրնայ շարունակել բնական տարեշրջանն ալ:
ՀՄԸՄ-ի նման, Ռիատին ալ ձեռք ձգեց նոր օտար մարզիկ մը` Մարքըս Ճորճ Հանթ, որ վստահաբար կ՛օգնէ խումբին Ուասլ մրցաշարքին ալ:
ՀՄԸՄ առաջին մասին 2 կէտի առաւելութիւն մը ձեռք ձգելէ ետք Ռիատիի դէմ (29-27), մնացեալ մասերուն 14 կէտէ աւելի չկրցաւ նշանակել, ուր վստահաբար մարզիկները յոգնեցան եւ չկրցան քայլ պահել Ռիատիի հետ, որ քանի մը վայրկեանի ընթացքին կը փոխարինէր իր մարզիկները:
Կերի Չիւիչեան (18 կէտ), Եոաթ Ալոք (14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Ճորտըն Սթիվընզ (14 կէտ եւ 11 էսիսթ), Կապրիէլ Աճէմեան (11 կէտ) անհատաբար գէշ չէին, բայց պասքեթպոլը խմբային խաղ է, եւ երբ Ռիատիի նման լուրջ մրցակիցի դէմ կը խաղաս, անհատներու ճիգերը ապարդիւն կ՛ըլլան:
Անցեալ ուրբաթ օր Շանվիլի դաշտին վրայ յաղթելէ ետք Մարիսթին, կարծեցինք, որ մութ ամպերը հեռացած են, եւ մարզիկները հասկցած են ինչ կը նշանակէ ՀՄԸՄ-ի տարազը հագուիլը… Սակայն ըստ երեւոյթին այդ մէկը մէկ մրցումի համար էր:
Յոյսով, որ մինչեւ կիրակի օրուան երթի վերջին մրցումը` Թատամոն Հարաժէլի դէմ, ամէն ինչ իր բնական ընթացքին կը վերադառնայ եւ անհատներու խաղը կը վերադառնայ խմբայինի, իսկ պայքարի մեռած ոգին… յարութիւն առնէ:
ՀՄԸՄ իր 10 մրցումներէն 4-ը յաղթած է` պարտուելով 6 մրցումներ:


