Այսօր ՀՄԸՄ¬ի ֆութպոլի պատանիներու խումբը (2008-2009 ծնունդ), որ կը մասնակցի Պի.Էֆ.Էյ.-ի կազմակերպած ֆութպոլի մրցաշարքին, պիտի մրցի Էս.Էս.Էյ.-ին դէմ:
Մրցումը տեղի կ՛ունենայ ժամը 17:30-ին, Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ: Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով մեկնիլ դաշտ` քաջալերելու համար ապագայի մեր խումբը:
Քառորդ աւարտականին տղաքը շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրած էին հիւրընկալ Պի.Էֆ.Էյ.-ի դէմ` 4-0 արդիւնքով:


