
Երէկ առաւօտեան ժամերուն վերջ գտաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութիւնը, ուր յստակացան բոլոր խումբերու վերջնական դասաւորումները փլէյ օֆի մրցումներէն առաջ:
Անշուշտ փլէյ օֆէն առաջ տեղի պիտի ունենան փլէյ ինի մրցումները, ուր 9-րդ եւ 10-րդ խումբերը պիտի մրցին, եւ յաղթականը պիտի մրցի 7-րդ եւ 8-րդ հանդիպումին պարտուող խումբին դէմ` գրաւելու փլէյ օֆի 8-րդ եւ վերջին դիրքը:
Օքլահոմա Սիթի Թանտր, որ 68-րդ յաղթանակը տօնեց, տարեշրջանը աւարտեց 12,9 կէտի առաւելութեամբ յաղթելով իր մրցակիցներուն (միջին հաշուով), բան մը, որ մրցանիշ է:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Լոս Անճելըս Լէյքըրզին, որ 1971-1972 տարեշրջանին 12,3 կէտի առաւելութեամբ կը յաղթէր:
Ստորեւ` վերջին օրուան մրցումներուն արդիւնքները.
Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 140-133
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Շիքակօ Պուլզ 102-122
Մայեմի Հիթ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 118-119
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 118-126
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Եորք Նիքս 105-113
Պոսթըն Սելթիքս – Չարլոթ Հորնեթց 93-86
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 117-105
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆինիքս Սանզ 109-98
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 109-81
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 119-124
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 125-118
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 100-115
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Եութա Ճեզ 116-105
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տալաս Մեւրիքս 132-97
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տենվըր Նակեթց 111-126


