Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ… Հրաշք Մը Ե՞ւս

April 16, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ ակումբը Եւրոպայի թիւ 1 ակումբն է «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, ուր ան երթին նոյնիսկ եթէ ծանր պարտութիւն կրէր, կրնար վերադառնալ դարձի մրցումին, բախտով, պայքարով, կամ կարողութեամբ, երբեմն ալ` իրաւարարներու սխալներէն օգտուելով:

Այսօր ան նոյն դիրքին վրայ է. եւ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ 3-0 արդիւնքով պարտուած, պիտի փորձէ վերադառնալով «Քամպեք Քինկ» տիտղոսին արժանանալ:

2016-ին Գերմանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրելէ ետք Վոլֆսպուրկէն, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հեթ-թրիք իրագործելով կրցաւ արձանագրել Ռէալի առաջին ցնցիչ վերադարձը: 2024-ի կիսաւարտականին, Գերմանիոյ մէջ 2-2 արդիւնք արձանագրելէ ետք, Ռէալ Մատրիտ դարձին հիւրընկալեց Պայերն Միւնիխը, եւ 1-0 արդիւնքով ետ կը մնար մինչեւ 88-րդ վայրկեան, երբ օգտուեցաւ Մանուէլ Նոյըրի մէջ սխալէն եւ աւելի ուշ Խոսելու կոլ մը եւս նշանակեց, հակառակ անոր որ Պայերն կոլ մը եւս նշանակեց, բայց իրաւարարը օֆ-սայտ սուլած էր սխալ որոշումով մը:

2022-ին Փարիզի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք, Ռէալ հիւրընկալեց Փարիզ Սեն Ժերմենը` Մեսսիի Նէյմարի եւ Էմպափէի հետ: Էմպափէ կոլ մըն ալ նշանակեց Սպանիոյ մէջ, սակայն Փարիզի բերդապահ Տոննարոմայի սխալէն ետք Պենզեմա կրցաւ հաւասարիլ, ապա 2 կոլ եւս նշանակեց եւ 3-1 արդիւնքով հասաւ քառորդ աւարտական:

2022-ին կիսաւարտականին Մանչեսթըր Սիթիի դաշտին վրայ 4-3 արդիւնքով պարտուելէ ետք, Ռէալ իր դաշտին վրայ կոլ մը ստացաւ Ռիատ Մահրեզի շնորհիւ, մինչ 90 վայրկեաններ կ՛ամբողջանային, երբ Ռոտրիկօ 2 վայրկեաններու ընթացքին 2 կոլեր նշանակեց, եւ պարտադրեց հաւասարութիւն: Երկարաձգումին, Պենզեմա կոլ մը նշանակեց, եւ Ռէալ հասաւ աւարտական…

2014-ի աւարտականին, Ռէալ Մատրիտ կը մրցէր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ: Աթլեթիքօ կը յաղթէր մինչեւ 90 վայրկեաններու աւարտը, երբ քոռնըրէ մը ետք Սերխիօ Ռամոս կրցաւ գլխու հարուածով նշանակել հաւասարութեան կոլը:

Երկարաձգման Կարեթ Պէյլ, Ռոնալտօ եւ Մարսելօ 3 կոլեր նշանակեցին, եւ Ռէալ Մատրիտ 12 տարիներ ետք «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոս մը եւս շահեցաւ այդ օր` 10-րդ տիտղոսը:

Այսօր Ռէալ Մատրիտ 15 տիտղոս ունի եւ դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը, որ երթին, ինչպէս նշեցինք, 3-0 արդիւնքով յաղթած էր:

Իտալիոյ մէջ, Ինթեր Միլան, որ 2-1 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Գերմանիոյ մէջ Պայերն Միւնիխին, համեմատաբար դիւրին գործ ունի ընելիք, մանաւանդ որ Պայերն յետսապահներու եւ բերդապահի հարց ունի, բայց իր կարգին պէտք է լուրջի առնէ գերմանացի իր մրցակիցը, որ կրնայ անակնկալի բերել մանաւանդ Օլիսէի եւ Քէյնի նման յառաջապահներով:

Նախորդը

Ո՞վ Կը Խանգարէ Միասնականութիւնը

Յաջորդը

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.