Երթին 81-83 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը երկուշաբթի երեկոյեան 104-100 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էն. Էս. Էյ.-ը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:
Էն. Էս. Էյ. դարձին 2 օտարներ փոխած էր` ձեռք ձգելով Մոնթենեկրոյի Մարքօ Փարովիչը (սենթըր) եւ Տանիէլ Համիլթընը, որ շաբաթավերջին շահած էր օտար մարզիկներու 3 կէտ նշանակելու տիտղոսը:
Նոյն տիտղոսի (3 կէտ) լիբանանցիներու առաջին դիրքը գրաւած էր Գէորգ Գէորգ, որ 19 կէտ (Տանիէլ Համիլթընի նման) նշանակած էր 3 կէտնոց մրցանակը շահելով (2,500 ամ. տոլար):
Սակայն ինչպէս Գէորգ մրցանակը ստացած պահուն յայտնեց, ինք կ՛ուզէ խումբին օգնել 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով, բայց… պարզապէս առիթ կ՛ուզէ ստանալ: Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ մրցումին Գէորգ հազիւ 1 վայրկեան մասնակցեցաւ եւ բաւարար առիթ չստացաւ:
Էն. Էս. Էյ. աւելի լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 30-24 արդիւնքով յառաջացաւ:
Կիսախաղ չեղած, ՀՄԸՄ ինքզինք գտաւ եւ յառաջացաւ 56-52 արդիւնքով: Բ. կիսախաղին Էն. Էս. Էյ. օգտուեցաւ Կապրիէլի եւ Եոաթ Ալոքի ֆաուլերէն ու թեքնիքըլ ֆաուլերէն եւ 81-78 արդիւնքով յառաջացաւ: Վերջին մասին արդիւնքը 9 կէտերու ալ հասաւ, բայց ՀՄԸՄ ինքզինք գտաւ եւ իր կարգին Կերիի եւ Ճորտընի 3 կէտերէն օգտուեցաւ շատ արագ մօտենալով եւ 4 վայրկեան մնացած Տաւել Հարֆուշի 3 կէտնոց կողովը 4 կէտով հեռացուց ՀՄԸՄ-ը (96-92), որմէ ետք Ճորտըն կողով մը եւս նշանակեց, ապա 3 կէտնոց կողով մը եւ այլ 2 ազատ հարուածներ, եւ երբ Էն. Էս. Էյ. 101-100 արդիւնքով մօտեցած էր, Թայլըր Պէյի ազատ հարուածը (104-100) վերջ դրաւ Էն. Էս. Էյ.-ի յոյսերուն: Պէտք է ըսել, որ Թայլըր Պէյ 10 յատկանշական եւ 10 պաշտօնական ռիպաունտներով, եւ 25 կէտերով շատ կարեւոր տապըլ-տապըլ մը իրագործեց: Ճորտըն Սթիվընզ իր կարգին տապըլ-տապըլ ձեռք ձգեց (40 կէտ եւ 10 էսիսթ): Սենթըր Ալոք 18 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Կերի Չիւիչեան 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց (Ճորտընի նման):
Երկուշաբթի, 28 ապրիլին յոյսով ենք, որ դարձի յաջող արդիւնքները կը շարունակուին Անդրանիկի դաշտին վրայ: Երթին ՀՄԸՄ 97-94 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Անդրանիկին: