Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր

April 15, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ժամը 21:00-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ազուրը, աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:

Երթին ՀՄԸՄ Անթիլիաս 74-65 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ազուրի դաշտին վրայ, բայց այժմ ամէն ինչ փոխուած է, եւ ՀՄԸՄ ունի նոր մարզիչ եւ փոխած է Քենետի Էլընը Ճիլիըն Արչըրով, որ աւելի արդիւնաւէտ կը թուի ըլլալ:

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի լիբանանցի մարզիկներն ալ երթին, երբ տակաւին 3-րդ մրցումն էր, անակնկալի մատնուած էին Ազուրէն, որ երթին յաղթած էր բոլորին: Դարձին Ազուր պարտութիւն կրեց Ռիատիէն եւ նահանջեց 2-րդ դիրք, եւ այժմ ՀՄԸՄ-ի հերթն է յաղթելու Ազուրին, իր ետին ունենալով համակիրները եւ լիբանանցի մարզիկներ, որոնք իրենց լաւագոյնը պիտի կատարեն յաղթելու եւ աւելի լաւ դիրք գրաւելու համար:

Իր վերջին մրցումին` Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ մանաւանդ Փերլա Պու Նասրի եւ Տանիելա Ֆայյատի հետ, որոնք Ճելիըն Արչըրի ետին լաւագոյն մարզիկներն էին: Զգալի էր նաեւ մարզիկներու ֆիզիքական ներկայութիւնը, ուր բոլոր մարզիկներն ալ անընդհատ վազեցին եւ պայքարեցան առանց յոգնելու: Ճաքայրա Էլըն, Կապրիել Սաատ եւ Փաթիլ Ասատուրեան իրենց կարգին լաւ ելոյթ ունեցան:

Այսօր բոլորէն կը սպասուի տալ իրենց լաւագոյնը եւ աւարտականի մրցումի նման պայքարիլ յաղթանակին տիրանալու:

Դժուար մրցում մը կը սպասէ ՀՄԸՄ-ին, բայց Ռիատի ցոյց տուաւ, որ այդքան ալ դժուար չէ յաղթել Ազուրին, որ ունի շատ լաւ մարզիկներ, ինչպէս օտարներ Քայ Ճոնզ եւ Իթալի Լուքաս, ինչպէս նաեւ փայլուն ապագայ խոստացող Ամար Մանսուր, Թինա Ռաֆֆուլ եւ վեթերան Մելոտի Սանեհ եւ Այտա Պախոս (ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկ):

Նշենք, որ 14-րդ հանգրուանը սկսած էր Էն. Էս. Էյ.-Չեմփս մրցումով, որուն ընթացքին Էն. Էս. Էյ. 5 կէտի առաւելութեամբ յաղթած էր Չեմփսին, մինչ այլ մրցումի մը ընթացքին Անդրանիկ 56-41 արդիւնքով յաղթած էր Մթայլեպին:

 

 

Նախորդը

Ճատրակ. Լիլիթ Մկրտչեան` Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան 11-րդ

Յաջորդը

Քրեմլին. «Փութին-Ուիթքոֆ Բանակցութիւնները Մեծապէս Օգտաշատ Էին»

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

January 9, 2026
Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը
Մարզական

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` 2025-ին Ամէնէն Շատ Վաստկած Վարպետներէն Մէկը

January 9, 2026
Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ.  Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ
Մարզական

Ափրիկէի Ազգերու Բաժակ. Քառորդ Աւարտականին «Տաք» Մրցումներ

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.