Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Պէյրութ մարաթոն միութեան նախագահ Մայ Խալիլը, որուն կ՛ընկերակցէր փոխնախագահ Հասսան Ռոստոմ, գանձապահ եւ մամլոյ աշխատանքի պատասխանատու Հասսան Մուհիէտտինը: Պայրագտարեան մօտէն ծանօթացաւ միութեան գործունէութեան եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր աշխատանքին` աւելի յառաջդիմելու ապագայի ծրագիրներուն մէջ:
Խալիլ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Պայրագտարեանին միութեան նկատմամբ իր վստահութեան համար եւ իր կարգին ներկայացուց 1 մայիսին տեղի ունենալիք Պէյրութի Մարաթոնին վերջին պատրաստութիւնները:
Հանդիպումի աւարտին Մէյ Խալիլ պաշտօնական հրաւէր ներկայացուց նախարար Պայրագտարեանին, որ խոստացաւ միշտ ըլլալ միութեան եւ բոլոր մարզական առողջ եւ յաջող միութիւններուն կողքին: