Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ վերջ գտաւ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին մետալներու խմբային հաշուով, Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց խումբերը գրաւեցին առաջին դիրքը:
Տղոց ազգային խումբը ընդհանուր երկամարտի արդիւնքով 7 մետալ շահեցաւ` 2 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալ, իսկ աղջկանց ազգային խումբը երեք արծաթ մետալ շահեցաւ:
Փոքր մետալներով միասին հայ մարզիկները նուաճեցին ընդհանուր 27 մետալ` 7 ոսկի, 12 արծաթ եւ 7 պրոնզ երկամարտի եւ փոքր մետալներով միասին:
Եւրոպայի գերկշիռի ախոյեան Վարազդատ Լալայեան արաշէի մրցումներուն նաեւ 200 քկ բարձրացուց, ապա 210 քկ, իսկ 3-րդ փորձին 218 քկ, բայց յաջող չէր 3-րդ փորձը, որ արդէն իսկ բաւարար էր եւ 20 քկ հեռու էր ամէնէն մօտ մրցակիցէն էփոլէ-ժըթէի մրցումներէն առաջ:
Փոքր ոսկի շահելէ ետք արաշէի մրցումներուն, ան էփոլէ ժըթէի մրցումներու փոքր ոսկին շահեցաւ 240 քկ բարձրացնելով եւ երկամարտի ընդհանուր 450 քկ հաշիւով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
109 քկ կշիռի մրցումներուն, Եւրոպայի ախոյեան Գարիկ Կարապետեան ոսկի մետալ շահեցաւ` ձեռք ձգելով երկամարտի 411 քկ:
Կարապետեան իր ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամը ըլլալով դարձաւ ախոյեան: Ան արաշէի (185 քկ) եւ էփոլէ ժըթէի (226 քկ), մրցումներուն ալ փոքր ոսկի մետալներ շահեցաւ:
Ողիմպիական խաղերու երկու անգամ փոխախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան Եւրոպայի փոխախոյեան դարձաւ 406 քկ երկամարտի արդիւնքով: Ան արաշէի (181 քկ) եւ էփոլէ-ժըթէի (225 քկ) մրցումներուն ալ փոքր արծաթ մետալ շահեցաւ:
81 քկ կշիռի մրցումներուն, Ռաֆիկ Յարութիւնեան երկամարտի 343 քկ արդիւնքով արծաթէ մետալակիր դարձաւ: Ան արաշէի փոքր արծաթ մետալը շահեցաւ 158 քկ բարձրացնելով, իսկ էփոլէ ժըթէի մրցումներուն ան միայն 1 անգամ կրցաւ 185 քկ բարձրացնել:
73 քկ կշիռի մրցումներուն, Գոռ Սահակեան արծաթ մետալ շահած էր, երբ արաշէի (153 քկ) պրոնզ փոքր մետալ, իսկ էփոլէ ժըթէի մրցումին ալ (185 քկ) պրոնզ մետալ շահելով ընդհանուր 2-րդ լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց:
96 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Դաւիթ Յովհաննիսեան արաշէի մրցումներու պրոնզէ փոքր մետալը շահեցաւ: Ան էփոլէ ժըթէի միայն մէկ յաջող ելոյթ ունեցաւ` բարձրացնելով 203 քկ, դարձեալ պրոնզէ փոքր մետալ շահելով եւ դառնալով Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր:
61 քկ կշիռի մրցումներուն, Գառնիկ Չոլաքեան դարձաւ Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր: Ան արաշէի իր 3 փորձերէն միայն 1 յաջող ելոյթ ունեցաւ` բարձրացնելով 124 քկ եւ շահելով արծաթէ փոքր մետալ: Էփոլէ ժըթէի մրցումին ան 4-րդ դիրքը գրաւեց` դառնալով պրոնզէ մետալակիր երկամարտի 275 քկ արդիւնքով: