Այս տարեշրջանի Եւրոպայի լաւագոյն խումբերէն Պարսելոնա եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն հասան «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտական:
Ինչպէս միշտ կը նշենք, ֆութպոլի մէջ տկար կամ զօրաւոր չկայ. եթէ երթի մրցումներէն իսկ Պարսելոնա եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն մեծ յաղթանակներ արձանագրած չըլլային, կրնային նեղ կացութեան մատնուիլ:
Պարսելոնա երթին 4-0 յաղթելէ ետք Գերմանիոյ մէջ նեղ կացութեան մատնուեցաւ եւ Տորթմունտէն 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, ուր գերմանական կազմը ինք նշանակեց մրցումին 4 կոլերն ալ` մէկը անշուշտ սխալմամբ իր բերդին մէջ:
Անգլիոյ մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ երթին 3-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ արձանագրած էր, 2 արագ կոլեր նշանակեց առաջին 27 վայրկեաններուն եւ փորձեց հանդարտեցնել Ասթոն Վիլայի յառաջխաղացքը: Ասթոն Վիլա 3 կոլեր նշանակեց եւ քիչ մնաց 4-րդն ալ նշանակէր պարտադրելով երկարաձգում: Սակայն իտալացի բերդապահ Տոնարումա լաւ ելոյթ ունենալով զսպեց քանի մը առիթներ:


