Այսօր, ժամը 20:00-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մրցի Մէյրուպայի դէմ, այս վերջինիս «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին մէջ:
Երթին, ՀՄԸՄ անակնկալի առջեւ գտնուած էր` բացման մրցումին պարտութիւն կրելով Մէյրուպայէն (88-96), եւ այսօր պէտք է զսպել Անյուրի Քասթիյոն, որ Մըզհերի մէջ 9 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակած էր:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ ալ ՀՄԸՄ 1 մրցումով կը գերազանցէ Մէյրուպան, եւ այսօր յաղթանակ մը արձանագրելով ՀՄԸՄ կրնայ գրաւել 6-րդ դիրքն ու դարձի մրցումները աւելի լաւ խաղալ:
Երթի 11 մրցումներէն 5-ին յաղթած ՀՄԸՄ պիտի փորձէ առնուազն 8 յաղթանակ արձանագրելով պայքարիլ ֆայնըլ 4 հասնելու: