Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Մարզական Խառնաշփոթ

March 14, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Բնականաբար այդպէս ալ պիտի ըլլար: Աշխարհի մէջ արժէքներու տապալումը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենար մարզական խաղերուն վրայ, որոնց ընթացքին խարդախութիւնը, վայրագութիւնը, կռուազանութիւնը, ոչ մարզավայել ոգին եւ ագահութիւնը կը կերպարանափոխեն էութիւնը մարզական մրցումներուն, որոնց հետեւող մանաւանդ պատանիներուն նկարագիրները մարզական խաղերու միջոցով եւս կը խաթարուին:

Միջազգային մակարդակներու վրայ շահերը այնքան «իւղոտ» են, որ ակումբներու սեփականատէրերը, մարզիչներն ու մարզիկները անպայման յաղթելու մարմաջով, կը դիմեն բոլոր միջոցներուն, որոնց մէջ անշուշտ մարզական-բարոյական ոգին ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՛ունենայ, աւելին` ժամանակավրէպ եւ ծիծաղելի կը դառնայ:

Իրաւարարներու բազմաթիւ սխալ որոշումներ (չխօսինք ազդեցութիւններու կամ կաշառքներու մասին), մարզիչներու վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ, մարզիկներու վայրագութիւններ, իրաւարարը խաբելու խարդախութիւններ, իրարու վրայ թքել, խածնել… սովորական երեւոյթներ դարձած են դաշտերու վրայ` արկածախնդրական վատորակ ժապաւէնները յիշեցնելով:

Կ՛ենթադրուէր, թէ մարզիկներ պատրաստելու պատանեկան դպրոցները, ակումբներու ակադեմիաները, բոլոր առումներով դրական ազդեցութիւն պիտի ունենային խաղերուն վրայ: Սակայն հոն ալ ըստ երեւոյթին սխալ բան մը կայ: Այդ դպրոցներուն մէջ պատանին միայն կը մարզուի, բարոյական-կրթական հարցերու մասին մտածելու, աշխատելու ժամանակ չկայ, նաեւ ոմանց համար ալ ժամանակավրէպ են այդ արժէքները, որոնք մարզիկը վաճառելու ատեն դրամով չեն գնահատուիր:

Այլ խօսք, որ մարզական այդ դպրոցներէն շրջանաւարտ երիտասարդները ակումբին հիմնական կազմին մէջ ներառուելու շատ առիթ ալ չեն ունենար, որովհետեւ անհրաժեշտ են արագ յաջողութիւններ, շահեր, որոնց համար շուկային վրայ փայլող աստղերը պէտք է գնել:

Ֆութպոլէն օրինակ տալով նշենք, որ Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի յառաջատար երեք ակումբներու հիմնական կազմերուն մէջ գրեթէ ոչ մէկ մարզիկ կայ իրենց մարզական դպրոցներէն, ակադեմիաներէն, իրենց քաղաքներու պատանիներէն:

Քաղաքի մը դրոշմը կրող խումբ մը վստահաբար պիտի ունենայ մարզականէն բացի այլ արժէքներ ալ, որոնց վրայ կարելի է կառուցել իսկական, մարզական աշտարակը, մինչ համաշխարհայնացումի հեւքով, շուկայական եւ այլ հաշիւներով կառուցուելիքը կ՛ըլլայ` Բաբելոնի աշտարակը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

January 15, 2026
Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի
Մարզական

Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի

January 15, 2026
Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց
Մարզական

Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.