Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաբրիէլ Սարգսեան. «Սխալ Կը Նկատեմ, Որ Հայ Մարզիկները Ազրպէյճանի Մէջ Մասնակցին Ճատրակի Մրցաշարքին»

March 14, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-13-15_gabriel_sarkissyanԵւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան յաջողեցաւ աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին մասնակցելու իրաւունք ստանալ. սոյն մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն` Ազրպէյճանի մէջ:

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին 31 տարեկան Սարգսեան տուաւ իր կարծիքը Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին գծով:

«Թէեւ առաւելագոյն 11 կէտէն 7,5 կէտ ապահովեցի եւ 18-րդ դիրքը գրաւելով իրաւունք ստացայ մասնակցելու աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, սակայն իմ ելոյթներէս ես ինքս գոհ չեմ: Ամէն կարելիս պիտի ընեմ, որպէսզի շատ աւելի լաւ արդիւնք արձանագրելով անցնիմ 2700-ի վարկանշային կէտերու սահմանը:

«Ինչ կը վերաբերի Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, անոր հոն կայացումը շատ տհաճ իրավիճակ է: Եթէ մէկ կողմէ անոր մասնակցիլը կարեւոր է, միւս կողմէ, հայ մարզիկներուն համար սխալ պիտի ըլլայ հոն մեկնիլ, որովհետեւ ակնյայտ է, որ հոն կատարուելիք խաղերուն ընթացքին խանգարող շատ հանգամանքներ գոյութիւն պիտի ունենան:

«Խօսելով 18 ապրիլին Ծաղկաձորի մէջ սկսելիք ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան մասին` նշեմ, որ մասնակցող բոլոր երկիրներն ալ ունին զօրաւոր կազմեր: Ազրպէյճան հրաժարեցաւ անոր մասնակցելէ, ինչպէս բոլորն ալ տեղեակ են: Մենք կը հաւատանք մեր ուժերուն եւ մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի յաջող հանդէս գանք եւ ուրախացնենք մեր ժողովուրդը:

«3 ապրիլին պիտի սկսինք մեր հաւաքին: Համոզուած եմ, որ հաւաքականին բոլոր անդամները ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի գտնուին իրենց լաւագոյն մարզավիճակին մէջ», իր խօսքը եզրափակեց Գաբրիէլ Սարգսեան:

 

Նախորդը

«Եուրոփա Լիկ». Ինթեր Միլան Եւ Այաքս Ամսթերտամ Պարտուեցան

Յաջորդը

Ճատրակի Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.