Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի երթին իր կատարած երրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ նախանցեալ օր Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրը եղաւ Մութթահետի:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն կողովի մը տարբերութեամբ յաջորդաբար պարտուած էր Ռիատի Պէյրութէն եւ Պիպլոսէն, այս մրցումին եւս պարտուեցաւ` 11 կէտի տարբերութեամբ` 90-79 արդինքով (24-15, 45-38, 63-60 եւ 90-79):
Ինչպէս ակնյայտ է, չորս քորթըրներուն ալ տիրապետեց հիւսիսեան խումբը` պատճառ դառնալով, որ ՀՄԸՄ երթի իր երրորդ մրցումին ալ պարտութիւն կրէ:
Մութթահետի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ` անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).
Մարիօ Ապպուտ (11′ 14″, 2 կէտ, 2 ռիպաունտ), Տիոն Տիսքսըն (39′ 13″, 47 կէտ, 6 ռիպաունտ), Յարութ Տեգերմենճեան (1′ 37″), Սեւակ Քեթենճեան (28′, 52″, 11 կէտ, 5 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (40′ 00″, 8 կէտ, 15 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (23′ 13″, 3 կէտ,1 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (27′ 03″, 8 կէտ, 6 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (28′ 45″, 5 ռիպաունտ):
Մութթահետէն ամէնէն շատ կէտ նշանակեց Տուարիք Սփենսըր (40′ 00″, 39 կէտ, 16 ռիպաունտ), ապա` Փեթի Փերիշ (40′ 00″, 21 կէտ, 6 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Փոլ Սքայեմ, Ժորժ Սաատ եւ Ժորժ Տըրղամ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ դարձի իր առաջին մրցումը կը կատարէ չորեքշաբթի, 18 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Ռիատին: