9-18 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 38 երկիրներու 290 մարզիկներ:
Եւրոպայի աղջկանց 28-րդ ախոյեանութեան 7 դասակարգերուն մէջ մետալներու համար պիտի պայքարին 118 ծանրաբարձներ, իսկ տղոց 94-րդ ախոյեանութեան` 172 ծանրաբարձներ, 8 դասակարգերու մէջ:
Աղջկանց ախոյեանութեան մասնակցելու համար Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան նկատի առաւ հետեւեալ մարզիկները. Աննա Կովելեան (53 քկ), Իզապելլա Եայլեան (58 քկ), Քրիստինէ Պետրոսեան (63 քկ) եւ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան:
Տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան նկատի առաւ հետեւեալ մարզիկները. Սմբատ Մարգարեան, Ռուստամ Կարապետեան, Վանիկ Աւետիսեան, Տիգրան Գ. Մարտիրոսեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Առաքել Միրզոյեան, Աղասի Աղասեան, Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Ռուբէն Ալեքսանեան:
Առաջին անգամ իր ելոյթներուն պիտի սկսի Սմբատ Մարգարեան, կը հաղորդէ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: