Թայլանտի մայրաքաղաք Պանքոքի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի Մուայ Թայ ախոյեանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարտարուեստներու ֆետերասիոնի սան, Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին կից մանկապատանեկան մարզադպրոցի (տնօրէն` Էմիս Յովհաննիսեան), Մուայ Թայ խումբի մարզիկ Դաւիթ Հայրապետեան դարձեալ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Նշենք, որ անոր մարզիչն է Գարեգին Աղաբալեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մարտարուեստներու ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դանիէլ Մկրտչեան նշեց, որ վերջին հինգ ամիսներուն ընթացքին այս յաղթանակը Գարեգին Աղաբալեանի սաներուն համար երկրորդ մեծ յաջողութիւնն է:
Նշենք, որ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան 68 քկ դասակարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերած Դաւիթ Հայրապետեան, աւարտականին յաղթելէ ետք Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչին, նուաճած էր Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը: