Կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կազմակերպած էին 10 քմ վազքի մրցում մը` հարաւային Լիբանանի Նաքուրա շրջանին մէջ: Սոյն վազքի մրցումին կազմակերպման կ՛օժանդակէին նաեւ շրջանի միութիւնները:
Վազքի մրցումին մասնակցեցան 500-է աւելի երկսեռ մարզիկներ` ՄԱԿ-էն, լիբանանեան բանակէն եւ մարզական ակումբներէ:
ՀՄԸՄ Պէյրութ ներկայ էր սոյն վազքի մրցումին. 10 քմ վազքը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Նաքուրայի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնին դիմացէն, որ կը գտնուի Լիբանանի զինուորական նաւահանգիստին կողքին: Մարզիկները խանդավառօրէն վազեցին ծովեզերեայ շրջանները:
Լեւոն Թաշճեան կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը: Ան 10 քմ վազքը աւարտեց 53 վայրկեանէն: Վազքի մրցումը աւարտեցաւ սկսած վայրէն: Անոր աւարտին ներկայ էին շրջանի քաղաքապետը, գիւղապետներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին կը ներկայացնէր գնդապետ-զօրավար Շարպել Պու Խալիլը:
Լեւոն Թաշճեան իր տարիքային խմբաւորման մէջ հանդիսացաւ երկրորդ: Ան ստացաւ իր մետալը ձեռամբ գնդապետ-զօրավար Շարպել Պու Խալիլի: