Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 14 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ աւելի քան 500 համակիրներու ներկայութեան հիւրընկալեց Շեպիպեթ Մազրաան:
Հիւր կազմը 22-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` անակնկալ կոլ մը նշանակելով ՀՄԸՄ-ի բերդին մէջ` օգտուելով ՀՄԸՄ-ի պաշտպանողական գիծին սխալէն:
28-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել` շնորհիւ հայրենի մարզիկ Գէորգ Օհանեանի նշանակած կոլին:
Թէեւ Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ աւելի սաստկացուց իր յարձակումները` փորձելով երկրորդ կոլ մըն ալ նշանակել, սակայն այդ փորձերը արդիւնք չտուին եւ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Պէտք է նշել, որ բաղդատմամբ վերջին երկու մրցումներուն, ՀՄԸՄ բաւական բարելաւեց իր խաղարկութիւնը:
Սաժես, որ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ահլի Սայտայի, ամրապնդեց իր երկրորդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 34 կէտ:
ՀՄԸՄ, որ այժմ ունի 31 կէտ եւ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, յառաջիկայ շաբաթավերջին կը մրցի Սաժեսի դէմ:
Ա. դասակարգ բարձրանալու համար այժմ պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր` ՀՄԸՄ-ի եւ Սաժեսի միջեւ, նկատի ունենալով, որ Իժթիմահի արդէն իսկ ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը: