Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ կը կատարէ երթի իր երրորդ մրցումը` Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրը ըլլալով Մութթահետին:
Երկու կազմերն ալ ցարդ իրենց կատարած երկու մրցումներն ալ պարտութեամբ աւարտած են: Հետեւաբար այսօր խումբ մը պիտի կրէ իր երրորդ պարտութիւնը:
Նշենք, որ Բ. հանգրուանի երթի մրցումները կ՛աւարտին վաղը, երբ երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շանվիլը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շապապ Արապիի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:


