
Կիրակի, 14 յունիս 2015-ին, լիբանանեան բանակը կազմակերպած էր 16 քմ վազքի մրցում մը` ի պատիւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Սոյն վազքի մրցումը կը կազմակերպուէր 4-րդ անգամն ըլլալով:
Շուֆի քաղաքապետարանը օժանդակեց այս վազքի մրցումին կազմակերպման:
Վազքի մրցումին կը մասնակցէին 650 երկսեռ մարզիկներ, լիբանանեան բանակին եւ մարզական ակումբներէն: Ներկայ էր նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութ: Վազքի 16 քմ մրցումը սկսաւ Շուֆի հրապարակէն Լիբանանի քայլերգով, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Շուֆի քաղաքապետի ազդանշանէն ետք: Մարզիկները կանաչազարդ անտառներուն ընդմէջէն ոգեւորութեամբ վազեցին դէպի Պահտարան զօր. Քահուաժիի ծննդավայր գիւղը: Մրցումը աւարտեցաւ զօր. Քահուաժիի հօրենական տան առջեւ, որուն դիմաց զարդարուած էր լիբանանեան դրօշակներով եւ զօր. Քահուաժիի նկարներով: Զօրավարին հօրենական տան առջեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ու մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ զօր. Քահուաժիի քրոջ ու եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուցիչին` զօր. Ալի Ասաֆի:
Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը, 16 քմ վազքը աւարտեց 1 ժամ 23 վայրկեանէն եւ իր տարիքային խմբաւորման մէջ հանդիսացաւ երկրորդ: Ան ստացաւ իր տիտղոսն ու մետալը, ձեռամբ` զօր. Ալի Ասաֆի: