
Պրենթֆորտի նախկին մարզիչ Մարք Ուորպարթըն հանդիսացաւ առաջին անգլիացին, որ նշանակուեցաւ Ռէյնճըրզի մարզիչ` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով 54 անգամ Սկովտիոյ ախոյեան հանդիսացած խումբին:
Նշենք, որ 52 տարեկան Մարք Ուորպարթըն փոխարինեց Սթիւըրթ Մաքոլի, որ նախորդ տարեշրջանին աւարտին չյաջողեցաւ իր խումբը բարձրացնել բարձրագոյն դասակարգ:


